ՀՅԴ-ն Դարձած Է Ազգային Արժէք. Ձեռնարկ Սիտնէյի Մէջ (Տեսանիւթ)

Նոյեմբեր 27-ին Սիտնէյի մէջ ՀՅԴ 125-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ էին աւելի քան 500 հայորդիներ:

Ձեռնարկին սկիզբը հնչեց Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի օրհներգները: Բարի գալուստի եւ բացման խօսք ըսաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Մովսէս Ինճեճիկեան: ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Կայսերեան խօսեցաւ ՀՅԴ գաղափարախօսութեան կարեւորութեան եւ հայ ազգային, քաղաքական կեանքէն ներս անոր այժմէականութեան մասին:

Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեսաուղերձը, ուր մասնաւորապէս ըսուած էր.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ՀՅԴ պատուարժան անդամներ, քոյր եւ ուղեկից կառոյցների սիրելի՛ ղեկավարներ, այսօր տօն է Սիտնէյում, նշւում է 125-ամեակը փառապանծ կուսակցութեան հզօր, պատմական անցած ուղու: 25 տարի գումարած 100, այսպէս էք դուք ապրել, գործել  եւ գոյատեւել աշխարհում յանուն հայութեան, Հայաստանի եւ Հայկական աշխարհի:

ՀՅԴ-ն դարձել է ազգային արժէք եւ ունի իր մնայուն տեղն ու դերակատարութիւնը Հայոց պետութեան կառուցման, ինչպէս նաեւ Հայկական Սփիւռքը վառ պահելու եւ հայ պահելու գործում:

Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան հռչակումից յետոյ, որպէս դասական ամենահզօր կազմակերպութիւն, առաջինը եկաւ ու հաստատուեց հայրենիքում եւ մեզ հետ միասին կառուցեց, մասնակցեց հայրենաշինութեան, պետականաշինութեան կարեւոր եւ մնայուն գործին:

Այսօր էլ` ՀՅԴ-ն իր հետաքրքիր գործունէութեամբ, քաղաքական կեցուածքով եւ հարցադրումներով մեծ դերակատարութիւն ունի մեր երկրի քաղաքական խճանկարում: Եւ մենք համատեղ ուժերով, ձեռք-ձեռքի տուած այսօր իրականացնում ենք սահմանադրական բարեփոխումներ, իրականացնում ենք Հայոց ապագայի նկատմամբ մեր կարեւորագոյն տեսլականն առաջ տանելու գաղափարը»:

ՀՅԴ օրուան պատգամը փոխանցեց հիւր-բանախօս, ԼՂՀ խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Վերջինս իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ՀՅԴ Դրօ կոմիտէի նախաձեռնութիւնը, որ այս տարուան ՀՅԴ 125-ամեակի ձեռնարկները նուիրուած են Արցախի ազատագրական պայքարին: Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուց նաեւ ԼՂՀ ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ խօսեցաւ Արցախի դիմագրաւած ռազմաքաղաքական դժուարութիւններուն մասին:

Ձեռնարկին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեան:

Երեկոյի մասնակիցներուն իրենց ազգագրական, ժողովրդական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեցին հայաստանեան երգիչներ Ռուբէն Սասունցին, Գոհար Յովհաննիսեանը, Աղասի Իսպիրեանը եւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը:

Scroll Up