«Ապագայ» Համաժողովի Մասնակից. «Ուրախ Եմ, Որ Երիտասարդներուն Հնարաւորութիւն Տրուեցաւ Արդիւնաւէտ Աշխատելու»
Նոյեմբեր 27-29 Երեւանի մէջ իրականացուեցաւ «Ապագայ» խորագիրով երիտասարդական համահայկական երկրորդ համաժողովը, որ նախաձեռնած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Ռուսաստանի հայերու միութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Նիժնի Նովգորոդի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութիւնը:
«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին համաժողովէն ստացած տպաւորութիւններով կիսուած է Վրաստանի «Համահայկական խաղերու եւ այլ համաժողովներու մասնակիցներու միջազգային ընկերացութեան» անդամ Կիւլնարա Ռուշանեան.
– Ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունեցայ մասնակցելու այս համաժողովին, որուն համար կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Նիժնի Նովգորոդի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութեան նախագահ, շատ գործունեայ ու խելացի Անի Մխիթարեանին, բոլոր կազմակերպիչներուն: Ուրախ եմ, որ մեզ` երիտասարդներուս հնարաւորութիւն տրուեցաւ արդիւնաւէտ աշխատելու, լսելու մասնագէտներու կարծիքները, փոխանակելու մտքեր ու գաղափարներ:
Կարեւոր է, ի հարկէ, որ մենք կը հաւաքուինք մեր Մայր Հայրենիքին մէջ: Հայաստանի մէջ մէկտեղուիլը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը պարտաւորեցնէ, որ հնարաւորինս օգտակար ըլլանք Հայաստանին, մեր երկրի անունը բարձրացնենք բոլոր այն երկրներուն մէջ, ուր կ’ապրինք:
Մէկտեղուելով, մենք կը սկսինք իրականացնել տարբեր ծրագիրներ: Ծրագիրներ, որոնց մասնակից կը դառնան աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հայ երիտասարդները: Իսկ արդիւնքները չեն ուշանար. մօտ ապագային ատոնք անպայման տեսանելի կ’ըլլան:
«Ապագայ» խորագիրը կրող համաժողովը ինծի հնարաւորութիւն տուաւ իմ հասակակիցներուս հետ քննարկել, բարձրաձայնել իմ գաղափարներս, ծանօթանալ տարբեր հայեացքներ ունեցող երիտասարդներու հետ, որոնք կ’ապրին Հայաստանի սահմաններէն դուրս:
Համաժողովը օգտակար էր նաեւ անով, որ համաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի վարկանիշին, հեղինակութեան առնչուող հարցեր, եւ թէ ինչ կրնայ Հայաստանի այցեքարտը դառնալ: Քննարկուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած հարցեր:
Շատ արդիւնաւէտ համաժողով էր. իւրաքանչիւրը իր ընելիքները աւելի յստակեցուց: