ՌԴ-ը Թուրքիոյ Դէմ Արդէն 6 Քայլ Ձեռնարկած Է. Թրքական Պարբերականի Անդրադարձը Պատժամիջոցներուն Ու Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/դրոշ.jpg)
Թուրք-սուրիական սահմանի մօտակայքը ռուսական Սու-24 ինքնաթիռի խոցումէն յետոյ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ կը շարունակեն գրել ու քննարկել Թուրքիոյ դէմ ՌԴ ձեռնարկելիք հնարաւոր քայլերուն, հնարաւոր պատժամիջոցներուն մասին:
Թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը անդրադարձած է մինչ այժմ Ռուսաստանի իրականացուցած 6 քայլերուն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկման:
Անդրադարձը tert.am-ը կը ներկայացնէ մասնակի կրճատումներով.
«Ռուսաստան մինչ այժմ 6 քայլ իրականացուցած է: Մասնագէտները կը նշեն, որ Ռուսաստան ոչ թէ ուղիղ, այլ կողմնակի հարուածներ կը հասցնէ:
Թուրքիոյ դէմ 6-րդ քայլը առնուած է այսօր` Թուրքիայէն ներմուծուող մթերքի նկատմամբ վերահսկողութիւնը ուժեղացուած է:
Եւ այսպէս.
1. Թուրքիա չմեկնելու կոչ
Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով Թուրքիա այցը չեղարկեց, ռուսաստանցիներուն կոչ ըրաւ չայցելել Թուրքիա: Լաւրով նշած է, որ Թուրքիան ապահով երկիր չէ Ռուսաստանի քաղաքացիներուն համար: Նմանատիպ յայտարարութիւն ըրաւ նաեւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
2. С-300 համակարգերու ուղարկում տարածաշրջան
Ռուսական ինքնաթիռի կործանումէն յետոյ Սուրիոյ շրջանին մօտեցան C-300 հրթիռներ տեղափոխող նաւեր: Բացի այդ, յայտարարուեցաւ, որ Ռուսաստան Սուրիոյ մէջ գործող օդակայանին C- 400 եւ C-300 համակարգեր պիտի ուղարկէ:
3. Աւելի մեծ թիւով օդային գործողութիւններ սահմանին
Գրեմլը յայտարարեց, որ սահմանին օդային գործողութիւնները պիտի շարունակէ: ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն նշեց, որ այդ շրջանին մէջ գործողութիւններ իրականացնող ռմբակոծիչներուն պիտի ուղեկցին օդին մէջ կրակ բանալու հնարաւորութիւն ունեցող ինքնաթիռներ:
4. Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ` խորհրդարանէն ներս
Ռուս պատգամաւորները 1915-ի դէպքերը Հայոց ցեղասպանութիւն չհամարողներուն պատժելու ուղղութեամբ օրինագիծ ներկայացուցին խորհրդարան: Ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնին ալ նշեց, որ ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը պիտի ցաւցնէ Թուրքիոյ:
5. Թռչնամիսի ներմուծման արգելք
Ռուսաստան Դեկտեմբեր մէկէն կը կասեցնէ Թուրքիայէն թռչնամիսի ներմուծումը:
6. Ռուսական կառավարութիւնը վճռեց Թուրքիայէն ներմուծուող մթերքի վերահսկողութիւնը խստացնել: