Տարազներու Ցուցադրութիւն Փեքինի Մէջ
Նոյեմբեր 15-ին Փեքինի մէջ Չինաստանի միջազգային բարեկամութեան եւ մշակութային փառատօններու կոմիտէի նախաձեռնութեամբ իրականացուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու տարազներու ցուցադրութիւն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Արդէն աւանդոյթ դարձած ձեռնարկին հիմնականին մէջ կը մասնակցէին «Մետաքսի Ճանապարհի» երկիրներու ներկայացուցիչները: Ձեռնարկին Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ ցուցադրուեցան նաեւ հայկական ազգային տարազներ:
«Ազգերու բարեկամութիւն» խորագիրը կրող երեկոյի նպատակն էր հանդիսատեսին ծանօթացնել տարբեր երկիրներու աւանդոյթներուն, սովորութիւններուն ու մշակոյթին:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ էր ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, ՉԺՀ մշակոյթի նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Փեքինի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, Չինաստանի մշակոյթի շրջանակներու եւ երկրի յառաջատար զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մաս կազմող ազգային տարազները ներկայացուցին եւ հայկական գեղեցիկ պարով հանդէս եկան Արփինէ եւ Արմէն Տերոյեանները:
Գունեղ ազգային հագուստներու, երգ-երաժշտութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած երեկոն նպաստեց ազգերու միջեւ բարեկամութեան ու համերաշխութեան: