Թուրքիան Փակած Է Սուրիոյ Հետ Սահմանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/սահման.jpg)
«Human Rights Watch» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը տեղեկութիւններ հրապարակած է այն մասին, որ Թուրքիան ամբողջութեամբ փակած է Սուրիոյ հետ սահմանը, իսկ սահման անցնիլ ցանկացող սուրիացի փախստականները կը հալածուին թուրք սահմանապահներու կողմէ:
Թրքական «Hürriyet» պարբերականի կայքին համաձայն` «Human Rights Watch»-ը հաշուետուութիւն հրապարակած է` Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին ռմբակոծութիւններու եւ զինուած բախումներու պատճառով Թուրքիա փախած 51 սուրիացիի հետ հարցազրոյցներու հիման վրայ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ըստ նշեալ հաշուետուութեան` հարցազրոյցին մասնակցած բոլոր սուրիացիները Թուրքիա կրցած են մտնել միայն անօրինական ճանապարհով: Հարցուածները նշած են, որ հարիւրաւոր սուրիացի կանայք, երեխաներ, տղամարդիկ հարկադրուած են սահմանը հատել ապօրինի կերպով` գիշերը փորձելով յաղթահարել դժուարութիւններով լի ճանապարհը:
«Human Rights Watch»-ի` փախստականներու գործերով մասնագէտ Կարի Սիմպսոն թեմայի վերաբերեալ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրած է. «Սուրիոյ հետ սահմանը փակելու Թուրքիոյ քայլը սուրիական պատերազմի սարսափներէն փրկուիլ ցանկացող յղի կանանց, երեխաներուն, հիւանդներուն ու վիրաւորներուն, կը ստիպէ հիմա ալ փախչիլ թուրք սահմանապահներու հալածանքէն: Մինչեւ այսօր Թուրքիան մեծահոգաբար հիւրընկալած է սուրիացի փախստականները եւ իրաւունք ունի անվտանգութեան նկատառումներով վերահսկելու իր սահմանները: Սակայն ան պէտք չէ ստիպէ, որ փախստականները վերադառնան պատերազմի գօտի»: