Ճատրակի Հայաստանի Տղամարդոց Հաւաքականը Դարձաւ Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ճատրակի Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը յաղթանակ տարաւ Եւրոպայի առաջնութեան վերջին շրջանին եւ դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Առաջնութեան վերջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը կը մրցէր Վրաստանի հետ: Արոնեան առաջին խաղատախտակին յաղթեց մրցակիցին: Ոչ­ ոքի խաղցան Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան: Վերջին իր խաղը աւարտեց Սերգէյ Մովսիսեան, որ յաղթեց: Հայաստան­ Վրաստան 3­1:

Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը հաւաքեց 13 միաւոր եւ դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր: Նոյնքան միաւոր ունէին նաեւ Հունգարիոյ եւ Ֆրանսայի խումբերը, սակայն Հայաստանի ընտրանին գերազանցեց լրացուցիչ միաւորներով: Ճատրակի Եւրոպայի խմբային առաջնութեան ախոյեան դարձաւ Ռուսատանի հաւաքականը:

Scroll Up