Նոր Բացայայտումներ Տինքի Սպանութեան Գործով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/samast.png)
Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան պետական ծառայողներու մասնակցութեան գործով հետաքննութիւնը նոր մանրամասներ բացայայտած է: «CnnTֆrk» լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սպանութեան օրը Օկիւն Սամասթը 3 անգամ զանգահարած է հեռախօսային խցիկներէն, որոնք սպանութենէն յետոյ տեղափոխած են: Իսկ հեռախօսազանգերու գրանցումները ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժանմուքի պետ Ռամազան Աքիւրեքը 2011 թուականին ոչնչացուցած էր, որուն հետեւանքով կորած էին նաեւ 2007 թուականի հեռախօսազանգերու արձանագրութիւնները, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Հետաքննութիւնը պարզած է, որ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի զինուորական աստիճան ունեցող աշխատակից մը սպանութեան օրը 08:10-14:20 ժամերուն ընթացքին 5 անգամ երկար հեռախօսազրոյց ունեցած է Տինքի սպանութեան կազմակերպիչներէն մէկուն` Էրհան Թունճելի հետ կապ ունեցող ոստիկանի մը հետ: Նոյն պաշտօնեան սպանութենէն անմիջապէս յետոյ Սթամպուլի նահանգային ոստիկանութեան 5 աշխատակիցի հետ հեռախօսազրոյց ունեցած է:
Հեռախօսազրոյցներու եւ տեսախցիկներու արձանագրութիւններու ուսումնասիրութենէն պարզ դարձած է, որ սպանութեան օրը Սամասթին 6 ոստիկան հետեւած է: Անոնք դէպքի վայրին մէջ եղած են սպանութենէն առաջ եւ յետոյ` գաղտնի հետեւելով Սամասթին: Պարզուած է, որ ոստիկաններէն մէկը Սթամպուլի նահանգային ոստիկանութեան ենթասպայ է: