Պոլսահայ Ընդդիմադիր Լրագրող Հայկօ Պաղտատը Հեռացուցած Են Աշխատանքէն

Յայտնի պոլսահայ ընդդիմադիր լրագրող եւ գրող Հայկօ Պաղտատը հեռացուած է թրքական «Bugֆn TV» հեռուստաընկերութենէն, ուր կը վարէր հեղինակային «ճzgֆr İfade» («Ազատ խօսք») հաղորդաշարը: Այս մասին յայտնի  դարձած է լրագրողի թուիթերեան գրառումէն:

«Տունս ծանուցում  եկած է. ես հեռացուած եմ «Bugֆn TV»-էն,- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` գրած է Հայկօ Պաղտատը,- Առաջին անգամն է որեւէ տեղէ կը հեռացուիմ: Չէ, չէ, կը կատակեմ, ես ամէն օր կը հեռացուիմ»:

Իսկ օրեր առաջ Հայկոն իր անհատական պլոկին վրայ կատարած գրառմամբ տեղեկացուցած էր, որ որոշ ժամանակով պիտի դադրի հեղինակային յօդուածներով հանդէս գալ: Պոլսահայ այս լրագրողը յայտնի է իր համարձակ ըսելիքով եւ գրելաոճով: Ան բազմիցս աչքի ինկած է Թուրքիոյ ներքքաղաքական հարցերու վերաբերեալ սուր, դիպուկ ու իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատական յօդուածներով:

Scroll Up