Պաշար Ասատ. Սուրիոյ Մասնատումը Տարածաշրջանին Մէջ Կը Յանգեցնէ Մշտական Պատերազմներու
Սուրիոյ, Իրաքի կամ Լիբանանի մասնատման գաղափարները վտանգաւոր են եւ կրնան յանգեցնել տարածաշրջանին մէջ փոքր պետութիւններու միջեւ անվերջ պատերազմներու: «Ռիա նովոստի» լրատուական գործակաութեան փոխանցմամբ ֆրանսական «Valeur Actuel» ամսագիրին տուած հարցազրոյցին նման տեսակէտ յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը, կը գրէ panorama.am-ը :
Վերջինիս խօսքերով` իրադարձութիւններու նմանատիպ զարգացումը կրնայ դառնալ ահաբեկչութեան աղբիւր, որ կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ:
«Եթէ տարածաշրջանը գայ այդպիսի վիճակի (մասնատումի)… ես ձեզի կ’ըսեմ, որ այնտեղ կ’ըլլան անվերջ, հնարաւոր է` դարաւոր պատերազմներու մէջ իրար դէմ պատերազմող փոքր պետութիւններ: Ցանկացած այսպիսի իրավիճակ կը նշանակէ մշտական պատերազմներ: Մնացած աշխարհի վերաբերեալ` ատիկա կը նշանակէ ապակայունացման եւ ահաբեկչութեան մեծ թիւով օճախներ, որոնք պիտի կարենան տարածուիլ ամբողջ աշխարհով մէջ»,- նշած է Պաշար Ասատը:
Սուրիոյ ղեկավարին խօսքով` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ըստ կրօնական եւ դաւանաբանական նշաններու պետութիւններու մասնատման գաղափարը, որ տարածած են որոշ արեւմտեան ԶԼՄ-ներ, տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ անոնք կը ցանկան իբր իրար հետ ապրիլ չցանկացող տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու միջեւ միջկրօնական պատերազմի թիւր կարծիք ստեղծել:
«Իրականութեան մէջ եթէ դուք հիմա հարցնէք ոեւէ սուրիացիի` ան կողմ, թէ դէմ կ’ըլլար կառավարութեան, բոլորը ձեզի կ’ըսեն, որ իրենք Սուրիոյ միասնականութեան կողմնակից են»,- շեշտած է Պաշար Ասատ:
Անոր խօսքով` Սուրիոյ բոլոր քաղաքներուն եւ բնակավայրերուն մէջ, որոնք կը վերահսկէ սուրիական բանակը, եւ ուր գրոհայիններ չկան, բոլոր փոքրամասնութիւններու եւ հաւատքներու ներկայացուցիչները իրարու հետ կ’ապրին խաղաղութեամբ: