Փարիզի ահաբեկչութիւնները կարելի է խորհրդանշական մարտահրաւէր համարել. Ֆրանսահայ գործիչ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/murad.jpg)
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու շարքը վերջին քանի մը տասնամեակի ընթացքին աննախադէպ է Ֆրանսայի Հանրապետութեան համար. այդ մասին կը խօսի զոհերու թիւը` շուրջ 150 մարդ: Յայտարարուած է համապետական արտակարգ դրութիւն, մշտապէս մարդաշատ մայրաքաղաք Փարիզի փողոցները, ուր տեղի ունեցած են ահաբեկչական գործողութիւնները, դատարկ են: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ Մուրատ Փափազեան:
Անոր խօսքով` ահաբեկչութիւնները կարելի է խորհրդանշական մարտահրաւէր համարել, քանի ատոնք տեղի ունեցած են համաժողովրդական ձեռնարկներու ընթացքին եւ ատոնց իրականացման վայրերուն մէջ:
Ըստ Մուրատ Փափազեանի, երկրի ուժային բոլոր կառոյցները բերուած են արտակարգ իրավիճակի:
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու հետեւանքով զոհուածներու եւ պատանդներուն մէջ ազգութեամբ հայերու առկայութեան մասին տեղեկութիւններ, CCAF նախագահի խօսքով, այս պահի դրութեամբ չկան:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ահաբեկչութիւններու շարք գրանցուած է եօթ տարբեր վայրերու մէջ: Վերջին տուեալներով, զոհերու թիւը առնուազն 150 է, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են: Ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը: