ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց ֆրանսահայ բարերար Էտմոն Եզեկելեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/0188.jpg)
Նոյեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իրաւական մասնագիտութիւններու Հայ-ֆրանսական միութեան համանախագահ, ֆրանսահայ բարերար Ռայմոն Եզեկելեանը, որուն աջակցութեամբ շարք մը հայանպաստ ձեռնարկներ իրականացուած են ինչպէս Ֆրանսայի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ:
Հիւրը մեծ գոհունակութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան հայապահանութեան ի նպաստ իրականացուող ծրագիրներուն վերաբերեալ: Ան գովեստով խօսեցաւ մասնաւորապէս «Արի տուն» ծրագիրին մասին, որուն շնորհիւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ երիտասարդները հնարաւորութիւն կ’ունենան ծանօթանալու Հայաստանին, հանդիպելու եւ կապեր ստեղծելու իրարու հետ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրին նախարարութեան աշխատանքները բարձր գնահատելու համար` նախարարը փոխադարձօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց Եզեկելեանին հայրենանուէր աշխատանքներուն եւ նախարարութեան ծրագիրներուն աջակցելուն համար:
Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու վիճակին վերաբերող հարցեր:
Նախարարը մանրամասնօրէն տեղեկացուց սուրիահայութեան ցուցաբերուող պետական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ առկայ դժուարութիւններուն մասին:
Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման առնչուող այլ հարցեր: