ՌԴ-ը առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ. Բակօ Սահակեան

Ռուսաստան առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ: Այս մասին, այսօր` Նոյեմբեր 12-ին, Մոսկուայի մէջ ռուսական լրատուամիջոցներուն համար տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է ԼՀՂ նախագահ Բակօ Սահակեան:

ԼՂՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Բակօ Սահակեան անդրադարձած է Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին, սոցիալ-տնտեսական զարգացման, արտաքին քաղաքականութեան առնչուող թեմաներուն, պատասխանած լրագրողներու հարցերուն:

Իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ, որ իր մէջ կը ներառէ պատմական, մշակութային, աշխարհաքաղաքական եւ մարդկային յարաբերութիւններու լայն շրջանակ:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է նման շփումները` ատոնք օգտակար համարելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններ ստանալու եւ գործնական կապեր հաստատելու տեսանկիւններէն:

Scroll Up