ԱՄՀ-ն Հայաստանին Լրացուցիչ $16,3 Միլիոն Պիտի Յատկացնէ

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդը անցեալ շաբաթուան վերջը աւարտած է «Երկարաձգուող ֆինանսաւորման» եռամեայ ծրագրի (EFF) ծիրէն ներս Հայաստանի կատարողականի երկրորդ ամփոփիչ ստուգումը: Ինչպէս նշուած է հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ, ատիկա կու տայ 11.74 միլիոն փոխառութեան յատուկ իրաւունք (ՓՅԻ) (մօտ 16.3 միլիոն տոլար) տրամադրելու հնարաւորութիւն` ծրագրի ծիրէն ներս ընդհանուր յատկացումները հասցնելով 35.22 միլիոն ՓՅԻ-ի (մօտ 48.9 միլիոն տոլարի), կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

82.21 միլիոն ՓՅԻ (մօտ 114.1 միլիոն տոլար) գումարով երկարաձգուող այս ծրագիրը հաստատուած է 2014 թուականի Մարտին:

Սեպտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) բարձրացուցած է ՀՀ տնտեսական աճի կանխատեսումը. ըստ ԱՄՀ-ի գնահատականներուն` 2015-ին պիտի արձանագրէ 2.5%, իսկ 2016-ին` 2.2% աճ:

Սեպտեմբերի 25-ին ԱՄՀ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարին ընդունեցին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Նախագահը բարձր գնահատած է ԱՄՀ-ի հետ իրականացուող ծրագիրները ու գործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած հիմնադրամի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութեան համար: Սարգսեան կարեւոր համարած էր ԱՄՀ-ի կողմէ «Երկարաձգուող ֆինանսաւորման ծրագրի» հերթական վերանայման ամփոփումը եւ ԱՄՀ-ի գործադիր խորհրդի կողմէ արդիւնքներու հաստատումը:

Scroll Up