Երեւանին նուիրուած համերգ Գրասնոտարի մէջ (լուսանկարներ)

Գրասնոտարի հայկական կեանքը տարիէ տարի կ’աշխուժանայ եւ կ’որակաւորուի`  ի հեճուկս աշխարհաքաղաքական ոչ այնքան բարենպաստ միտումներու: Մերթ ցաւ կը զգաս, գիտակցելով, որ ատիկա մասամբ Մայր հայրենիքէն շարունակուող արտագաղթի հաշուին է, մերթ ալ կը մխիթարուիս, որ հայրենասիրական տրամադրութիւնները անվիճելի վերելք կ’ապրին, եւ վերադարձներու բերքառատ ժամը երբեւէ կ’այցելէ Աւետեաց երկիր:

«Վարդանեան»  կրթամշակութային կեդրոնի հիմնադրմամբ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմը խթանեց ոչ միայն հայկական կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, այլեւ նոր լիցքեր հաղորդեց երիտասարդական կազմակերպութեան այլեւայլ ծրագիրներու:  իրենց գոյութեան 12-րդ եւ 9-րդ տարին ապրող «Նարեկ» երգի-պարի խումբը եւ «Արմատ» դպրոցը  այս կամարներուն տակ միահիւսեցին երկու հայկական պատմութիւն, որոնք հարստացան երիտասարդներու համարձակ նախաձեռնութիւններու երանգներով ու բոյրերով:

Հոկտեմբեր ամսուան ողջ ընթացքին «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ գործող երեք կառոյցները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ` քաղաքամայր Երեւանի 2797-ամեակին նուիրուած, որոնք ամփոփուեցան մեծ տօնական համերգով:

Կեդրոնի համբաւն արդէն տարածուած է Թեմի ողջ տարածքին մէջ եւ տարբեր բնակավայրերէ ցանկութիւն կը յայտնեն այցելելու եւ ըմբոշխնելու այստեղ թեւածող հայկական շունչն ու տրամադրութիւնը: Մանկավարժ Լուսինէ Ներսիսեան, չնայած երիտասարդ տարիքին, հասցուցած է հիմնադրել եւ զարգացնել Եսենտուկի  Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ «Զարթօնք» կիրակնօրեայ դպրոցը, իր  խումբ մը սաներուն հետ ողջունելու  եկած էր ձեռնարկը: Պայծառ ու խորունկ աչքերով այս պատանիներն ու երեխաները Գրասնոտարի հանդիսատեսին անակնկալի բերին իրենց անափ խանդավառութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ շնորհքով:

Չնաշխարհիկ Երեւանին նուիրուած անկրկնելի երգերն ու բանաստեղծական խոստովանութիւնները բազմաթիւ յուզիչ եւ լուսաւոր պահեր պարգեւեցին ունկնդիրներուն եւ համոզեցին, որ այն հեռաւոր, փոքրիկ գեղազարդ երկիրը` իր գունագեղ մայրաքաղաքով, կը սպասէ բոլորին, կարօտ ունի բոլորին, կը ցաւի ամէն  հեռացողի համար եւ կը հրճուի ամէն վերադարձով:

Բայց հէնց որ իջաւ եղեամը սարին,

Եւ աշնան քամին զարկեց քո դրան,

Ծիծեռնակները խօսքը մէկ արին,

Քո տանիքները թողին ու թռան:

… Բարի ճանապարհ ծիծեռնակներին

Ու եկող գարնան բարի վերադարձ:

ԵՐԱԶԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Գրասնոտար

ԿրասնոդարԿրասնոդար1 Կրասնոդար2Կրասնոդար3 Կրասնոդար4  Կրասնոդար6

Scroll Up