Լատինամերիկացի եւ լատինամերիկահայ յայտնի լրագրողներ ու գիտնականներ յայտնուած են Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին վրայ»

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ը նոր «սեւ ցուցակ» մը հրապարակած է, որուն մէջ յայտնուած են  լատինամերիկացի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ բնակող հայ լրագրողներ, գիտնականներ, գործարարներ:

Ըստ Tert.am-ի` ատրպէյճանական «սեւ ցուցակին», որուն մէջ կը ներառուին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած մարդիկ տարբեր երկիրներէ,  անցեալին արդէն ընդգրկուած էին արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան եւ Clarin արժանթինական պարբերականի միջազգային բաժինի խմբագիր Մարսելօ Գանտելմին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Prensa Armenia-ն` 2015-ին Ղարաբաղ կատարած այցելութեան համար «պերսոնա նոն գրատա»  ճանչուած են Tռlam արժանթինական պարբերականի լրագրող Մարիա Լաուրա Գարպինետան,  Perfil արժանթինական պարբերականի խմբագիր Սանտեակօ Ալպերթօ Ֆարելը, մեքսիքահայ փրոֆէսոր Գառլոս Անթառամեանը,  ուրուկուէյցի պատգամաւորներ Դանիէլ Ռատիօն, Խորխէ Օրիկոն, Ռիչարդ Սանտերը, Ռուբէն Մարտինես Ուելմոն:

«Սեւ ցուցակին վրայ»  յայտնուած է նաեւ Արժանթինի սաքսոֆոնահար Խուան Մանուէլ Տոմինկէսը, որ 2015-ի Փետրուարին  ձեռնարկի մը մասնակցած է Ղարաբաղի մէջ:

 

Scroll Up