Արա Կիւլերի լուսանկարներու համապարփակ ցուցադրութիւնը` «Ֆոթոսթամպուլի» ծիրէն ներս

Սթամպուլի մէջ այս օրերուն կ’ընթանայ մինչ օրս այս քաղաքին մէջ կազմակերպուած ամենամեծ լուսանկարչական ձեռնարկը` Պեշիքթաշի երկրորդ միջազգային լուսանկարչական փառատօնը, որ նաեւ յայտնի է «Ֆոթոսթամպուլ» անուամբ: Պեշիքթաշի թաղապետարանի պաշտօնական կայքի` «Besiktas.bel.trե-ի համաձայն` փառատօնին կը մասնակցին շուրջ 60 լուսանկարիչներ` ԱՄՆ-էն, Ասիայէն , Եւրոպայէն եւ Թուրքիայէն,կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Պեշիքթաշի թաղապետարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը մեկնարկած է Հոկտեմբեր 9-ին եւ կ’աւարտէ Նոյեմբեր 8-ին: Փառատօնը կազմակերպուած է անմիջապէս քաղաքի փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ` բաց երկնքի տակ, ինչպէս նաեւ` Օրթաքեոյի մանկատան ու մշակոյթի կեդրոնին մէջ:
Ըստ աղբիւրի` «Ֆոթոսթամպուլ 2» փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած են 48 ցուցահանդէս, 15 կլոր սեղան եւ քննարկում, 80 լուսանկարչական ցուցադրութիւն եւ շարք մը այլ մշակութային ձեռնարկներ:
«Ֆոթոսթամպուլ»-ի հիմնական թեման այս տարի «Այլ կեանքեր»-ն է: Ցուցադրութիւններէն մէկը ներկայացուած է Պեշիքթաշի Պահչեշեհիր համալսարանի հարեւան փողոցին մէջ` բացօթեայ պայմաններու եւ յատուկ կառքերու մէջ:
«Հիւրիյէթ»-ի սիւնակագիր Տողան Հըզլանի վկայութեամբ` փողոցի անմիջապէս մուտքին մօտ տեղադրուած է պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի քանի մը մեթր բարձրութեամբ, փայտէ կառուցուած հսկայական պատկերը: Իսկ փողոցին մէջ ցուցադրուած է Կիւլերի «Կորուսեալ Սթամպուլ» խորագիրով լուսանկարներու շարքը` Սթամպուլի համայնապատկերներով:
Պեշիքթաշի պաշտօնակայքի տեղեկացմամբ` «Յարգանք վարպետներուն» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս այս տարի փառատօնի ընթացքին յատկապէս ուրոյն տեղ յատկացուած է Արա Կիւլերին: Բացի այն, որ կազմակերպուած համապարփակ ցուցահանդէսին կարելի է դիտել նաեւ Կիւլերի մինչ այս անյայտ, չցուցադրուած աշխատանքները, Կիւլերի լուսանկարի վերաբերեալ նաեւ յատուկ ժողով -քննարկում կազմակերպուած է:
Բացի այս, ներկայացուած են լուսանկարիչներ Սինան Քըլըչի, Սերքան Չօլաքի, Սըթքը Քեօսեմէնի, Ժոզէֆ Գուտելկայի աշխատանքները` պատերազմներու, ատոնց թողած հետեւանքներու ու ազդեցութիւններու, աւերակներու եւ նմանատիպ թեմաներով աշխատանքները: Պեշիքթաշեան այս ցուցադրութեան ծիրէն ներս կ’արծարծուին նաեւ կանանց իրաւունքներուն, անոնց հասարակական դիրքին առնչուող թեմաներ:
Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած է նաեւ Տիանա Մարկոսեանի` հայ ծերունիին պատկերող լուսանկարը, որ ազգայնական թեմաներով անոր աշխատանքներու խորհրդանիշն է:
Նշենք, որ «Ֆոթոսթամպուլ 2»-ին մասնակցած են շուրջ քսան այլազգի ականաւոր լուսանկարիչներ, որոնց մէջ էին` Ժոզէֆ Գուտելկան, Անտերս Փեթերսենը, Աթթա Քիմը, Սթենլի Կրինը: