«Արմէն ճամբարը» կարծես Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան յուշակոթող ըլլայ

Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող` «Արմէն ճամբար» («Քամփ Արմէն») անուանումով յայտնի որբանոց-ճամբարը, որ բռնագրաւուած էր թրքական պետութեան կողմէ 1980-ականներուն, անցած շաբաթ վերադարձուած է հայկական համայնքին: Թուրքիոյ մէջ հայ երիտասարդներու կողմէ հիմնադրուած «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութիւնը մասնակցած է ճամբարի վերադարձման պայքարին:

«Եթէ ցանկայինք Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել, ատոր կարիքը չէր ըլլար: «Արմէն ճամբարը» կարծես հէնց այդ յուշակոթողը ըլլայ»,- Հայաստանի հանրային ռատիոյի հաղորդմամբ` Repairfuture.net-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է «Նոր Զարթօնքի» գործիչ Սայաթ Թեքիր:

«Արմէն ճամբարի պայքարին բազմաթիւ մարդիկ  մասնակած են, եւ այս մարդիկ անցեալին քաղաքական հարթակին վրայ չէին երեւցած: Պայքարը քաղաքականացուցած էր մարդոց: Մենք «Արմէն ճամբարը» վերածած էինք վայրի մը, ուր հայերուն վերաբերեալ իւրաքանչիւր հարցի մասին կարելի էր խօսիլ: Մենք քննարկումներ կամ մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ ձեռնարկներ կը կազմակերպէինք այնտեղ: Մենք այն անընդհատ կենդանի կը պահէինք», – ըսած է գործիչը:

Ըստ անոր` պայքարի 100-րդ եւ 121-րդ օրերուն երկու յարձակումներ  եղած են: «Պատճառը յատկապէս ընտրութիւններու արդիւնքով լարուած մթնոլորտն էր, երբ կ’աշխուժանան ազգայնամոլութիւնը եւ ցեղապաշտական հակումները. «Արմէն ճամբար» վերածուած էր թիրախի»,- ըսած է Թեքիր:

«Արմէն ճամբար»-ը, որ կառուցուած է հայ որբերու աշխատանքով, թրքական պետութեան որոշումով փակուած է 1983-ին: Ճամբարին մէջ բնակող երեխաները մասնակցած են շինարարական աշխատանքներուն. անոնք աւազ  կրած են ծովէն, որմով ալ կառուցուած է այն: Իշխանութիւնները երբեք թոյլ չեն տուած վերանորոգել որբանոցը, որուն պատճառով այն կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ:

2015 Մայիս 6-ի առաւօտեան ճամբարի ներկայիս սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ սկսած էր ճամբար-մանկատան քանդումը, սակայն կարճ ժամանակ անց Թուրքիոյ հայկական համայնքի սկսած բողոքի լայնածաւալ ձեռնարկներու շնորհիւ շինութեան քանդումը ժամանակաւորապէս հնարաւոր եղաւ դադրեցնել: Հոկտեմբեր 27-ին ճամբարի սեփականութեան վկայականը յանձնուած է Կետիկփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին:

 

Scroll Up