Սպանական քաղաքը կը խօսի… հայերէն

«Բարեւ՛, Միսլատա՛, բարեւ՛, աշխարհասփիւռ հայեր…: Այս ողջոյնով կը սկսիմ «Հայկական ժամը» Միսլատայի ռատիոյէն, ամէն երկուշաբթի, Սպանիոյ ժամանակով ժամը 14:00-ին: Եւ այդ ժամէն սկսած, մէկ ժամուան ընթացքին, ռատիոն կը խօսի… հայերէն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը  տեղեկացնէ Վալենսիոյ Արարատ հայկական միութիւնը:
Կը խօսի նաեւ սպաներէն` պատմելով Հայաստանի, հազարամեակներու խորքէն եկող անոր պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան, լեզուին, խոհանոցին, հայու մասին` անոր տեսակին: Այն ամէնուն, ինչ ըսել է Հայաստան եւ հայ ժողովուրդ:  Եւ խօսքը կ’ուղեկցուի հոգեզմայլ, քաղցրահունչ երաժշտութեամբ, հայ երգով ու ասմունքով:

Ահա այսպիսին է Արարատ հայկական միութեան հերթական նախաձեռնութիւնը, որ եւս մէկ կարեւորագոյն քայլ է հայապահպանութեան եւ հայ ինքնութեան պահպանման, ոսկեղինիկ հայերէնը հայ օճախները լեցնելու եւ օտարին ականջի հաճոյ դարձնելու գործին մէջ: Ահա այս է այն գնահատականը, որ կու տայ սպանացի հասարակութիւնը հայ ազգաբնակչութեան:

Սպանիոյ գողտրիկ անկիւններէն մէկուն մէջ,  գեղեցիկ օր մը ծնաւ երկրին մէջ առաջին հայկական դպրոցը, այնուհետեւ, այն օրերուն` անդրանիկ հայկական կազմակերպութիւնը` Արարատ հայկական միութիւնը` եւս մէկ անգամ յուշելով օտարին, որ Արարատը հայկական է, հայեցի ու հայունը: Տէ իսկ յետագային ծնան այլ առջինեկներ` ցայսօր հայատառ միակ պարբերականը` «Հայրենիք» շաբաթաթերթը, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Կենաց խաչ» յուշարձանը եւ բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ այլ ձեռնարկներ, որոնք Միսլատային` այս փոքրիկ-մեծ քաղաքին մղեցին կատարելու առաջին պատմական քայլը` պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քայլ մը, որուն հետեւեցան Սպանիոյ եւս 10 քաղաքներ, որոնցմէ եօթը` Վալենսիա մարզին մէջ:

Ահա, հայաքիչ այս երկրին մէջ Արարատ միութեան հայաշատ ու հայաշահ ձեռքբերումները: Իսկ հիմա ալ` «Հայկական ժամը» Միսլատայի ռատիոյին մէջ, որ հնարաւորութիւն կու տայ սպանահայութեան ու աշխարհացրիւ հայութեան հայերէն ունկնդրել իւրաքանչիւր երկուշաբթի, ժամը 14:00-15:00, FM-ի 88.8 յաճախականութեամբ: Ռատիոժամի հաղորդավարներ Արարատ Ղուկասեանն ու Գայիանէ Ղազարեանը բոլոր ռատիօ լսողներուն կը խոստանան հայեցի ու հայանպաստ եթերաժամ, որ մեզ` հայերուս, աւելի կը մօտեցնէ մեր արմատներուն` փարատելով կարօտն առ հայերնիք, իսկ սպանացիներուն` փոքր-ինչ աւելի կը մօտեցնէ հայկական մշակոյթին, հայու իրականութեան, հայ երեւոյթին:

Իսկ մեզի կը մնայ միայն անխափան եթեր ցանկանալ «Հայկական ժամուն»` ակնկալելով, որ մեզի յատկացուած ժամանակը` ժամանակի ընթացքին կ’աւելնայ:

Բարի երթ «Հայկական ժամ»:

Միսլատա ՄԻսլատա2

Scroll Up