Տեղի կ’ունենայ աւստրալահայ երգիծաբան Աբօ Մանճիգեանի` «Ո՞վ եմ ես» ներկայացումը

Նոյեմբեր 4-ին, ժամը 19:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ աւստրալահայ երգիծաբան Աբօ Մանճիգեանի` «Ո՞վ եմ ես» մոնօ-ներկայացումը: Հեղինակը կը ներկայացնէ սփիւռքահայերու կեանքէն վերցուած ծիծաղաշարժ դրուագներ:

Ներկայացման ներկայ կ’ըլլան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, հիւրեր:

Scroll Up