Տեղի կ’ունենայ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը
Նոյեմբեր 3-ին, ժ.16:00-ին տեղի կ’ունենայ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը, որ կը վարէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ, 5-րդ յարկ, 503 սրահ):
Օրակարգին մէջ սուրիահայերու մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման, աջակցութեան ուղղուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցերն են: