Կործանած A321-ի զոհերու յիշատակին Փեթերսպուրկի մէջ 224 փուչիկ երկինք բարձրացած են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Hishatak-300x225.jpg)
Եգիպտոսի մէջ կործանած A321-ի զոհերու յիշատակին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ սգոյ ցոյցի ժամանակ 224 փուչիկ երկինք բաց ձգած են: Այս մասին կը տեղեկանանք News.am կայքէն:
Ցոյցի մասին ՌԻԱ Նովոստիին իրազեկած է ցոյցի ղեկավար Ռատմմիր Հուսնուտդինով: Փուչիկներուն վրայ զոհերու անունները գրուած եղած են:
Հուսնուտդինովը նաեւ աւելցուցած է, որ նախապէս կը ծրագրուէր ցոյցը իրականացնել Համաշխարհային շրջայցի ծիրէն ներս, «Երջանկութիւնը ազգութիւն չունի» խորագիրով` ի պաշտպանութիւն որբ երեխաներուն: Սակայն A321-ի կործանումէն յետոյ ցոյցը վերափոխուած է` օդանաւի աղէտի զոհերու յիշատակը յարգելու համար:
Ցոյցին շուրջ 2000 մարդ մասնակցած է, մէջը ըլլալով` Փեթերսպուրկի մանկատուներու սաներ: