Հայամէտ Փոլ Ռայեան ընտրուած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ
Վիսքոնսին նահանգը ներկայացնող Հանրապետական Փոլ Ռայեան ընտրուած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` Ամերիկայի հայկական համագումարը ողջունած է Փոլ Ռայեանի ընտրութիւնը որպէս ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի 62-րդ խօսնակ եւ յոյս յայտնած, որ յառաջիկայ ամիսներուն ու տարիներուն համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին:
Փոլ Ռայեան շարունակաբար աջակցած է հայկական խնդիրներու բարձրացման Քոնկրէսին մէջ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման նախաձեռնութիւններուն:
Ռայեան համահեղինակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող Քոնկրէսի հինգ բանաձեւ: Ներկայացուցիչներու պալատի նորընտիր խօսնակը հայկական խնդիրներու առնչութեամբ նաեւ շարք մը նամակներ ստորագրած է ուղղուած ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսերին եւ նախկին Պետական քարտուղար Քոնտոլիզա Ռայսին: