Հայ-իտալական գործարար համաժողով Միլանի մէջ

Հոկտեմբեր 26-ին «Հայաստանի ՏՀՏ ընկերութիւններու եւրոպական մեքենավազք» ծրագիրի ծիրէն ներս Միլանի մէջ կայացաւ տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցման արուեստագիտութիւններու ոլորտի հայ-իտալական գործարար համաժողով: Այն կազմակերպած էր Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` Իտալական առեւտրի ազգային գործակալութեան (ICE), «Նիւ Թեքնոլոճի Էճուքէյշն Ֆոնտ» հիմնադրամի եւ «Թեքնոլոճի ընդ Սայնս Տայնամիքս» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցման արուեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման գործընթացը, ձեռքբերումներն ու հեռանկարները, անդրադարձաւ ոլորտէն ներս հայ-իտալական համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները:

Ելոյթներով հանդէս եկան Իտալական առեւտրի ազգային գործակալութեան ձեռնարկութիւններու եւ հաստատութիւններու բաժանմուքնի տնօրէն Անիելլօ Մուսելլան, «Թեքնոլոճի ընդ Սայնս Տայնամիքս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն, «Նիւ Թեքնոլոճի Էճուքէյշն Ֆոնտ»-ի հիմնադիր Վահան Շաքարեան, Միլանի բազմարուեստեան հիմնարկի ելեկտրոնիկայի բաժինի փրոֆէսոր Լետիցիա Տանկան եւ «Նիւ Թեքնոլոճի Էճուքէյշն Ֆոնտ»-ի գործադիր տնօրէն Վահան Յովսէփեան:

Այնուհետեւ համաժողովի մասնակից հայկական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները հակիրճ ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնն ու ծրագիրները:

Համաժողովի աւարտին կայացան B2B հանդիպումներ հայ եւ իտալական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ:

Scroll Up