Տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը

Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր 3 հիմնական եւ ընթացիկ հարցեր:

«Արի տուն» հայրենաճանաճութեան 2015 թուականի ծրագիրի արդիւնքներու եւ 2016 թուականի ընելիքներու վերաբերեալ զեկուցեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:

Ան  մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան 2015թ-ի ծրագիրն իրականացուեց յաջողութեամբ: Հազարից աւելի երիտասարդներ այցելեցին Հայաստան: Ծրագրի իւրաքանչիւր օրը երիտասարդները սկսել են հայերէնի ուսուցմամբ: 2015թ. եւս ծրագրին մասնակցեց Տիարպեքիր-Տիգրանակերտից ժամանած 80 հոգուց կազմուած իսլամացուած հայերի խումբ: Ծրագրի մասնակիցները, ինչպէս ամէն տարի, այցելեցին Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր` առաւել ծանօթանալով հայ ժողովրդի պատմութեանն ու մշակոյթին: Հայաստանեան ընտանիքներում 9 օրեայ հիւրընկալութիւնից յետոյ, վերջին 5 օրն անցկացրեցին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարում», որտեղ կազմակերպուեցին հայ երգի ու պարի ուսուցման դասեր»:

Աշխատակազմի ղեկավարը կարեւոր համարեց յատկապէս տարբեր գերատեսչութիւններու, մարզային ու համայնքային կառոյցներու աջակցութիւնը «Արի տուն» ծրագիրին:

Համահայկական ծրագիրներու  վարչութեան պետ Գ. Գեանջումեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2015 ծրագիրի արդիւնքները: Ան նշեց, որ այս տարի ամառնային դպրոցը ընդունած է 216 մասնակից` 21 երկրէ: Յաջողութեամբ ընթացած են ամառնային դպրոցի 6 ուղղութիւններն ալ: Դասաւանդման գործընթացին ներգրաւուած էին ԵՊՀ եւ այլ համալսարաններու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքէն հրաւիրուած մասնագէտներ եւ մշակութային գործիչներ: Ծրագiրի ընթացքին կազմակերպուած են հանդիպումներ ՀՀ քաղաքական, մշակութային անուանի գործիչներու հետ:

Գեանջումեան նշեց, որ պատրաստուած է  2016 թ. յայտարարութիւնը եւ յայտադիմումները, որոնք կ’առաքուին սփիւռքեան համայնքներուն եւ լրատուամիջոցներուն:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բովանդակային եւ կազմակերպչական հարցերու վերաբերեալ զեկուցեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի տնօրէն Կամօ Աթոյեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի իրականացման արդիւնքներուն մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Է. Եսայեանց:

Ան  նշեց, որ փառատօնին այս տարի մասնակցեցաւ 12 երկիրներէ ժամանած  շուրջ 235 կատարող, ինչպէս նաեւ` օտարազգի Ուլալա Իուոնէն`  Ճափոնէն, Վիլունտ Անն-Քրիստինէն` Շուէտէ, Լեման Շթէյն` Գերմանիայէն: Համահայկական մշակութային փառատօնը բաղկացած էր երկու մասէ` «Սթամպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» եւ «Կ’երգենք Կոմիտաս» փառատօնը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Կոմիտաս» փառատօնի մասին պատմող ֆիլմ:

Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախորդ մէկ ամսուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները, ձեռքբերումները, եւ յանձնարարականներ տուաւ նախարարութեան ծրագիրներու նախապատրաստական աշխատանքներ սկսելու եւ ատոնք առաւել կատարելագործելու վերաբերեալ:

Scroll Up