Սուրիոյ հարցով միջազգային բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի 13 երկիր

Սուրիոյ հարցով վաղը Վիենայի մէջ կայանալիք հանդիպման պիտի մասնակցին նաեւ Իրաքի եւ Լիբանանի ներկայացուցիչները, յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Այսօր օրուան երկրորդ կէսին Լաւրով կը մեկնի Վիեննա սուրիական ճգնաժամի կարգաւորման բազմակողմանի հանդիպման մասնակցելու համար, որ տեղի կ’ունենայ ուրբաթ օրը Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Ստեֆան տէ Միստուրայի մասնակցութեամբ»,- ՏԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ` ըսած է Զախարովան, կը տեղեկացնէ armradio.am-ը:
Նախօրէին յայտնի դարձած էր, որ Վիեննայի հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը: Ընդհանուր առմամբ` Սուրիոյ հարցով կայանալիք հանդիպման ուրբաթ օրը պիտի մասնակցին 13 երկիրներու ներկայացուցիչներ, Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինը: