Դամասկոսի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Կոմիտաս Նահատակ Հանճարը» Երաժշտական Երեկոն

Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի համագործակցութեամբ՝ Դամասկոսի մէջ Հոկտեմբեր 29-­ին տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական երեկոն: Այս մասին կը տեղեկանանք Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:

Ձեռնարկը պիտի կայանայ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի մասնակացութեամբ, «Տար ալ Ասատ» օփերայի «Տրամա» սրահին մէջ:

Աղբիւրին տեղեկացումով, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նաեւ սուրբ միւռոնով ջրօրհնէքի արարողութիւն: Արարողութիւնը կայացած է Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ եպս. Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ:

armash

Scroll Up