Հայաստանի Կողմէն ԼՂ Անկախութեան Ճանաչումը Պաքուի Մէջ Սադրիչ Քայլ Պիտի Դիտարկուի. Ճէյմս Ուորլիք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/01203.jpg)
Եթէ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, ատիկա Ատրպէյճանի մէջ պիտի դիտարկուի իբրեւ սադրիչ քայլ։ Այս մասին։ Երեւանի մէջ այսօր կայացած լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
«Հայաստանի կողմէն ԼՂ անկախութեան ճանաչումը Պաքուի մէջ պիտի դիտարկուի իբրեւ սադրիչ քայլ: Իմ յայտարարութիւնը այդ մասին էր, ես չեմ կանխատեսած, որ պատերազմ պիտի սկսի… Մենք կը փափաքինք, որպէսզի ըլլան այնպիսի բանակցութիւններ, որոնք պիտի տանին համընդգրկուն լուծման, բոլոր սկզբունքները պէտք է ընդունուին իբրեւ հիմք»,- ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ըսած է Ուորլիք։
Վերջինս նշած է, որ ժամանակն է, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի. «Ես անհանգստացած եմ. ժամանակն է, որ խաղաղութիւն ըլլայ: Ատիկա դիւրին չէ, բայց կրնայ աւելի վատ ըլլալ»:
Յիշեցնենք, որ համանախագահները այսօր եւ վաղը պիտի այցելեն Երեւան եւ Ստեփանակերտ, իսկ Հոկտեմբեր 28-ին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներէն յետոյ պիտի հատեն սահմանագիծը եւ պիտի մեկնին Ատրպէյճան: