Զարդեր, սպասք եւ ոչ միայն. սուրիահայ արծաթագործի աշխատանքները` Վերնիսաժի մէջ

Եթէ շաբթուան աշխատանքային օրերուն այցելէք Վերնիսաժ, ապա անցեալի պէս ամայի սեղանիկներու չէք հանդիպիր: Այժմ շաբթուան 5 օրերուն այնտեղ իրենց աշխատանքները կը ներկայացնեն սուրիահայերը` սկսած հագուստէն եւ վերջացած զարդերով ու սպասքով:

Արծաթագործ Լեւոն Քօշկերեան Հալէպէն Հայաստան եկած է 3 ամիս առաջ ու այժմ մօր հետ վարձով կը բնակի Երեւան: Երբեմնի յաջողակ վարպետը այստեղ աշխատելու եւ աշխատանքները ցուցադրելու այն պայմանները չունի, ինչ Հալէպ, սակայն գոհ է, որ գոնէ օրուան հացը վաստակելու հնարաւորութիւն ունի, ամենակարեւորը` կ’ապրի խաղաղ երկինքի տակ. «2011-ի սկիզբը,  երբ սկսան խառնակութիւնները, մեր գործերն ալ վատացան: Չէինք կրնար նոյնիսկ հանգիստ ձեւով գործի երթալ: Մարդիկ փողոցին մէջ կը քալէին, մէյ մըն ալ կը տեսնես` պայթիւն տեղի կ’ունենայ, եւ 20-30 հոգի մէկ վայրկեանի մէջ կը մահանան, մարմնի մասերը կտոր-կտոր կը շպրտուին այս ու այն կողմ: Բայց միշտ յոյսով էինք, որ լաւ կ’ըլլայ ու այդպէս սպասեցինք, մինչեւ 2015 թուական, երբ հասկցանք, որ այդպէս ապրիլը այլեւս շատ վտանգաւոր է: Քանի անգամ մահէն ազատեցանք»:

Լեւոն արծաթի գործով կը զբաղի 15-16 տարեկանէն: Իրեն այդ արհեստը փոխանցած վարպետը Հալէպի մէջ յայտնի արծաթագործ Յովհաննէս Քալանքարեանն էր, որուն համար այդ գործը պապենական էր, տոհմական, սակայն տեսնելով Լեւոնի ունակութիւնները` կ’առաջարկէ, որ մնայ ու իր կողքին աշխատի: Յետագային Լեւոն արդէն սեփական գործը կը  հիմնէ:

2002 թ. Հալէպի կեդրոնին մէջ կը բացուի «Լեւոն Քօշկերեան» արծաթեայ սպասքի եւ զարդերու սրահը, որ կը դառնայ ոչ միայն հայերու, այլեւ արաբներու ամենասիրուած ու պահանջարկ ունեցող խանութներէն մէկը: Լեւոն կ’ըսէ, որ արաբներուն մօտ ընդունուած կարգի համաձայն` աղջկան ամուսնացնելուն ծնողները պէտք է արծաթեայ սպասք նուիրեն` իւրաքանչիւր կտորէ 12 հատ: «Իւրաքանչիւր ընտանիք, որ իր աղջկան պիտի ամուսնացնէր, մօտաւորապէս 8-10 քիլոկրամի պատուէր կու տար»,- ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կ’ըսէ ան:

Հայաստանի մէջ Լեւոնը նկատած է, որ արծաթեայ սպասքի նկատմամբ պահանջարկը մեծ չէ, մինչդեռ Սուրիոյ մէջ այն շատ բարձր կը գնահատուէր, յատկապէս` ձեռքի աշխատանքը: Կը զարմանայ, որ մարդիկ հսկայական գումարներ կը ծախսեն հախճապակիէ սպասք գնելու համար, որ  մեծ բան չի ներկայացներ. «Ատիկա ապագայի համար արժէք չունի, իսկ արծաթը 5-6 տարի գործածելէ յետոյ, մարդ ես, եթէ կարիքի մէջ ըլլաս, կրնաս բերել, ես կը կշռեմ քաշը, գումարը կու տամ: Մեր մօտ այդ բանը կար: Այս պատերազմին շատ մարդիկ ետ վաճառեցին իրենց արծաթեայ սպասքը եւ փող վերցուցին նեղ օրերու համար»:

Արծաթագործը Վերնիսաժի փոքրիկ սեղանիկի վրայ իր աշխատանքներու չնչին մասը  կը ներկայացնէ, սակայն կը պահէ նաեւ այն լուսանկարները, ուր Հալէպի ընդարձակ խանութն է` աշխատանքներու ողջ տեսականիով. արծաթեայ ափսէներ, բաժակներ, մոմակալներ, դանակ-պատառաքաղներ, քաղցրաւենիքի, միրգի տարաներ, սկուտեղներ, մոխրամաններ, զարդատուփեր եւ այլն: Ցաւօք, այդ խանութը այլեւս գոյութիւն չունի, աւերուած ու թալանուած է:

Արծաթագործի երեւանեան աշխատանքներուն մէջ կան այնպիսի գործեր, որոնք առաջին հայեացքէն չես հասկնար, թէ ինչի համար  ստեղծուած են: Օրինակ` արծաթեայ մկրատը կամ դանակի տեսք ունեցող զոյգ սուր գործիքները: Պարզուեցաւ` մկրատը խաղողի ողկոյզները իրարմէ առանձնացնելու համար է: Աշխատանքներու հեղինակին խօսքով` իրենց մօտ ընդունուած էր խաղող մատուցելուն կողքին նաեւ մկրատ դնել: Ինչ կը վերաբերի դանականման իրերուն, ապա պարզուեցաւ` ատոնք ալ նամակի ծրարը բանալու համար  նախատեսուած են: Եւ այդպէս  շարք մը հետաքրքիր պարագաներ, որոնք, սակայն, առ այժմ մեր կենցաղին մէջ ընդունուած չեն:

Հայաստանի մէջ առաւել մեծ պահանջարկ ունին կանացի զարդերը, այն ալ` մատչելի գիներով: Արծաթեայ սպասքը, որուն արժէքը բարձր է ոչ միայն ծանր քաշի, այլեւ բաւականին բարդ ու աշխատատար ձեռքի աշխատանքի շնորհիւ, Վերնիսաժի հիմնական այցելուներու կողմէ սոսկ հիացմունքի կ’արժանանայ: Իսկ գնել, օրինակ, 500-600 հազար դրամ արժողութեամբ 1 կտոր արծաթեայ սպասք, ամենեւին ալ հայաստանցիի գրպանի բանը չէ:

Այնուամենայնիւ, առ այժմ Լեւոնը կը բաւարարուի տեղի շուկայի պահանջարկով` յոյսով սպասելով, որ  օր մը իր լուրջ աշխատանքները նոյնպէս կը գնահատուին ու կ’ունենան մշտական գնորդներ, ինչպէս Սուրիոյ մէջ:

Լեւոն կը սիրէ Հայաստանը, կ’ուզէ հաստատուիլ այստեղ` շատերուն պէս չմտածելով Եւրոպա մեկնելու մասին: Սուրիահայ արծաթագործը, առիթէն օգտուելով, կ’ուզէ անպայման շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանին, ուր իրենց կ’օժանդակեն ու շատ հարցերու մէջ կ’ընդառաջեն: «Իսկ եթէ, օրինակ, ուզես երթալ Լիբանան, մէկ օրէն աւելի իրաւունք չունիս մնալու այնտեղ, միայն այլ երկիր տեղափոխուելու նպատակով»,- կը նկատէ ան:

Կը խոստովանի` իրենց միակ սխալը եղած է այն, որ գոնէ ժամանակին Հայաստանի մէջ  բնակարան մը չեն գնած, որպէսզի այսօր Սուրիոյ մէջ տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուածը մէկ ակնթարթի մէջ կորսնցնելէ յետոյ գոնէ հայրենիքի մէջ սեփական տանիք ունենային, ոչ թէ վարձով ապրէին:

 

Scroll Up