«Նոր Յառաջ»-ի 6-րդ տարեդարձին առթիւ

«Նոր Յառաջ»ի 6րդ տարեդարձը կը զուգադիպի Հարիւրերորդ տարելիցի նշումի տարւոյն։ Ծանրակշիռ տարի մը՝ նաեւ լրատու միջոցներուն համար, յատկապէս տեղեկութիւններու եւ ձեռնարկներու ծաւալին ու տարողութեան առումով։ Հարիւրամեակին նուիրուած բոլոր նախաձեռնութիւններն ալ իրենց կարեւորութիւնը ունին։

Կարեւոր են, նախ եւ առաջ, զանոնք կազմակերպողներուն համար, որոնք իրենց աշխատանքը կը նուիրաբերեն նահատակներու յիշատակին։ Երկրորդ՝ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներն ալ տեղեկացուելու արդար իրաւունքն ունենալով հանդերձ, լրատու միջոցները ընտրութիւն մը կատարելու ստիպողութեան առջեւ կը գտնուին, նկատի ունենալով էջաքանակի, նիւթական եւ մարդուժի ու ժամանակի սահմանափակ միջոցները։ Եւրոպական լրատու միջոցները ամէնօրեայ ներկայութիւն են մեր առօրեային մէջ, սակայն կարելի չէ նոյնը հաստատել հայ համայնքին մօտ՝ ինչ կը վերաբերի հայ մամուլին։ Թերացումները երկկողմանի են՝ թէ՛ լրատու միջոցներու եւ թէ կազմակերպիչ մարմիններու կողմէ։ Կայ պարագան կազմակերպութիւններու, որոնք միջոցները չունին մամուլով յայտնելու իրենց առաջարկած ծրագիրը, եւ ուրիշներու՝ որոնք լրատու միջոցներու հետ յարաբերելու մշակոյթը չունին։ Եւ փոխադարձաբար, լրատու միջոցներն ալ նորարար միջոցներ հրամցնելու դժուարութեան առջեւ կը գտնուին։

Այսօր իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կը փորձէ իր անձնական լրատու ցանցը ստեղծել, յենլով՝ համացանցին, ընկերային ցանցերուն։ Լրատուական դաշտը փոխ- ւած ըլլալով հանդերձ, խնդիրը էապէս կը մնայ նոյնը՝ հանրային համայնական լրատու միջոցները կը մնան անշրջանցելի։ Երրորդ եւ բուն խնդիրը կարեւոր ձեռնարկներէ տեղեակ ըլլալով, էական երեւոյթներու անդրադառնալն է ու զանոնք վերլուծել կարենալու խնդիրը, այժմէական հարցեր արծարծելու կարողականութիւնը, այն ալ՝ արդիական միջոցներով։

2015-ը շրջադարձային տարի հանդիսացաւ նաեւ «Յառաջ»ի տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանի կորուստով, որ իր հետ փակեց էջ մը ֆրանսահայութեան լրագրութեան պատմութեան։ «Նոր Յառաջ» իրեն կը պարտի իր անուանումը, ինչպէս նաեւ լրագրութեան ժառանգութեան մը ստանձնումը որ հաստատուած էր Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ։ Ճիշդ է որ «Յառաջ» դարձաւ ֆրանսահայութեան ձայնը, բայց ան նաեւ Արեւմտահայաստանէն մեզի հասած աւանդ է, ծառայութիւն, մարտահրաւէր մը, որ կը պարտադրէ համեստօրէն աշխատիլ՝ համայնքային կեանքին օգտակար ըլլալու համար։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «Նոր Յառաջ»

Այս առիթով «Հայերն այսօրը» կը շնորհաւորէ Նոր Յառաջի 6-ամեակը մաղթելով յարատեւութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն։

Scroll Up