ԱՄՆ-ի Հրէական Խորհուրդը Կոչ Կ՛ընէ Երկրին Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԱՄՆ-ի մէջ գործող Հանրային հարցերու հրէական խորհուրդը (Jewish Council for Public Affairs) կոչ ըրած է ԱՄՆ իշխանութիւններուն Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ թուրքերուն կողմէ հայերու կոտորածները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու` տարիներ շարունակ այս հարցի վերաբերեալ նրբօրէն խուսանաւելէ ետք, ըստ Tert.am-ի՝ կը յայտնէ asbarez.com-ը:
Հրէական խորհուրդը անցեալ շաբաթ ունեցած իր ամենամեայ հանդիպման ժամանակ կոչ ըրած է հրէական կազմակերպութիւններուն Քոնկրէսին եւ Սպիտակ տան մէջ լոպպինկով զբաղելու, որպէսզի անոնք պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խորհուրդի խօսնակը Չորեքշաբթի օրը հաստատած է, որ բանաձեւը խումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջին փաստն է:
Շատ հրէական կազմակերպութիւններ մինչեւ վերջերս դէմ եղած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի կարեւոր դաշնակցը` Թուրքիան «չնեղացնելու» համար: Գլխաւոր իսրայէլամէտ խումբերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ լոպպինկով զբաղած են:
Այնուամենայնիւ, 2009 թուականին Կազայի պատերազմին պաղեստինեան «Համաս» շարժման դէմ Իսրայէլի պատերազմէն ի վեր Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու վատթարացման հետեւանքով իսրայէլամէտ խումբերը դադրած են Թուրքիոյ օգտին լոպպինկ իրականացնելէ: Բայց քանի որ կոտորածները «ցեղասպանութիւն» անուանելը Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամ յառաջացուցած է, մինչեւ հիմա իսրայէլամէտ խումբերը փորձած են աշխոյժ չաջակցիլ ճանաչման:
Յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի հրէական համայնքին սերտօրէն աջակցելու ամերիկահայ խումբերու հետ` Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին համար: