Գիւմրեցիները խաղեր կը ստեղծեն Facebook-ի համար

Աղասին համակարգչային խաղերու ստեղծմամբ սկսած է զբաղիլ ուսանողական տարիներէն. սկիզբը այն նախասիրութիւն էր, յետագային ոլորտին հանդէպ վերաբերմունքը աւելի լրջացաւ ու հիմնականին մէջ ռուս պատուիրատուներուն համար սկսաւ խաղեր ստեղծել: Յետոյ ծանօթացաւ ծրագրաւորման նորագոյն մեթոտներուն, ապա ծնաւ ընկերներուն հետ միաւորուելու եւ սեփական խաղերը ստեղծելու գաղափարը:

«Ես կը մտածեմ, որ կարելի է խաղեր ստեղծել ոչ միայն մարդոց զոմպիացնելու համար, այլեւ` խելքի զարգացման: Այս պահուն մեր խումբը հէնց այդպիսի խաղի ստեղծման վրայ  կ’աշխատի», -ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կ’ըսէ «Աննանիկս» ՍՊԸ տնօրէն Աղասի Գիւրջօղլեան:

Կ’ըսէ, իրենք միայնակ այսպիսի յաջողութիւններու չէին կրնար հասնիլ. երբ 2014-ին ծանօթացած են Գիւմրիի  արհեստագիտութիւններու կեդրոնի աշխատակիցներուն հետ, երիտասարդ ծրագրաւորողներուն համար նոր ճանապարհ  բացուած է: Եւ կեդրոնի նորակառոյց շէնքին մէջ` վերջինիս գոյքով ու տեխնիկական միջոցներով, կը սկսի իր գործունէութիւնը ծաւալել խաղային արդիւնաբերական արդէն յառաջատար դիրքեր ունեցող«Աննանիկս» ընկերութիւնը: Անոնք խաղեր կը ստեղծեն սոցիալական ցանցերու համար, որոնք իրենց մէջ կը ներառեն նաեւ շարժական լուծումներ:

Հէնց այս ընկերութիւնն է, որ վերջերս շահած է «Ձեռնարկութիւններու ինկուպատոր» հիմնադրամի դրամաշնորհը եւ հիմա կ’աշխատի նոր մտաւոր խաղի ստեղծման վրայ:
ծրագրաւորողը համոզուած է` Գիւմրիի մէջ ՏՏ ոլորտը ինքնադրսեւորուելու լայն հնարաւորութիւններ կու տայ երիտասարդներուն ու կը բերէ սեփական օրինակը.

«Երբ ես ներկայացուցի արհեստագիտութիւններու կեդրոնին իմ գաղափարի մասին` ինծի խորհուրդ տուին գործարար ծրագիր կազմել, օգնեցին ամէն ինչ ճիշդ ընել եւ արդիւնքը եղաւ, որ մասնակցեցանք դրամաշնորհին ու յաղթեցինք»:
Աղասի Գիւրջօղլեան կը նշէ, որ այսօր ՏՏ ոլորտի երեւանեան լաւագոյն մասնագէտները գիւմրեցի են, եւ պէտք է բոլոր նպաստաւոր պայմանները ստեղծել անոնց վերադարձնելու ու նոր ուժերու

 արտահոսքը կանխելու համար:

 

Scroll Up