Հայաստան ՆԱԹՕ-ին առաջարկած է աջակցիլ Սուրիայէն փախստական ընդունած երկիրներուն, մէջը ըլլալով` Հայաստանը

Հոկտեմբեր 9-12 նորվեկական Ստաւանկերի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ Խորհրդարանական վեհաժողովի տարեկան նստաշրջանին Հայաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը առաջարկութիւններ  ներկայացուցած է առանձին բանաձեւերու վերաբերեալ, որոնք ընդունուած են: Այս մասին կը յայտնէ panorama.am-ը:

Այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան տեղեկացուց, որ իրենց առաջարկութիւնները վերաբերած են սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով փախստականներ ընդունած գործընկեր պետութիւններուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն:

«Միայն Հայաստան շուրջ 17 հազար փախստական  ընդունած է Սուրիայէն: Ճիշդ է պետութիւններու անուններ չեն հնչած, բայց մենք նման առաջարկ ներկայացուցած ենք, որոնք ընդունուած են եւ որեւէ խնդիր այս մասով չէ եղած», -աւելցուց Նահապետեան:

Շարունակելով ներկայացնել Վեհաժողովի աշխատանքները, Նահապետեան տեղեկացուց, որ ԽՎ Քաղաքական հարցերու յանձնաժողովին մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան կեցուածքը եղած է  ինչպէս միշտ:

«Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը ներկայացուց ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ աւանդական դարձած իրենց ձեւակերպումները եւ որեւէ նոր բան չէ հնչած: Պէտք է նշել, որ նախագահը ընդհատեց ատրպէյճանական պատուիրակին, քանի որ օրակարգէն դուրս հարց կը հնչէր: Տպաւորութիւնը այն էր, որ բոլորը յոգնած էին նոյնանման յայտարարութիւններ լսելէն»,- նկատեց Նահապետեան` ընդգծելով, որ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը հէնց միայն այդ յանձնաժողովի նիստին  մասնակցած է` անտեսելով նստաշրջանի աշխատանքները:

Ընդհանուր առմամբ, ըստ Նահապետեանի, ՆԱԹՕ-ի ԽՎ աշխատանքները Հայաստանի համար «եղած են բարենպաստ»:

Scroll Up