ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Ալմելոյի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (լուսանկարներ)
Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Ալմելոյի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրեց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին, այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ եղեւնիի ծառ տնկեց, մտաւ Եկեղեցի, որմէ ետք անցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահ, ուր հարիւրաւոր հայրենակիցներ հաւաքուած էին` դիմաւորելու բարձրաստիճան հիւրը: Ներկաները ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» Ալմելոյէն կը հաղորդէ Մանուկ Մկրտչեան:
Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի նախագահ Յարութ Պօղոսեան խօսեցաւ համայնքէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուց յետագայ աշխատանքներու վերաբերեալ ծրագիրները: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Նիտերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, որմէ ետք խօսքը փոխանցուեցաւ Ս.Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցին:
Դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մկրտչեան ողջոյնի խօսք յղեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ համառօտ ներկայացուց դպրոցը, խօսեցաւ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ելոյթի աւարտին Սփիւռքի նախարարին նուիրեց դպրոցի արդէն 2 տարի լոյս տեսնող «Զանգակ» թերթի համարներու ժողովածուն, որմէ յետոյ երեխաները ներկայացուցին Թարգմանչաց տօնին նուիրուած հանդէսէն փոքրիկ հատուած մը: Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան «Զարթօնք» պարային խումբը եւ Եկեղեցւոյ Դպրաց դասը:
Հանդիպման ընթացքին ողջոյնի խօսք ըսին նաեւ ՀՅԴ կուսակցութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ եւ ՀԲԸՄ ներկայացուցուչները:
Ելոյթներէն եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւներ եւ նուէրներ յանձնեց դպրոցին եւ համայնքային կառոյցներուն: Մետալներով եւ շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան դպրոցի քանի մը ուսուցիչներ: Շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, ՀԲԸՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, «Երեւան» միութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց համայնքներու ղեկավարներու, ՀՀ դեսպանի եւ երկու հիւպատոսներու ներկայութեամբ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին յղուեցան տարբեր բնոյթի հարցեր եւ ստացան գոհացուցիչ, բաւարար պատասխաններ:
Հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ: