Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ Պարսելոնայի մէջ

Հոկտեմբեր 15-ին Պարսելոնայի «Թէաթրօ փրինցիպալ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պարի պետական վաստակաւոր խումբի մենահամերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ:
Համերգին ներկայ էին Գաթալոնիայի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մշակութային գործիչները, ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ:
Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԳՆ-էն: