Յունական կայքը Իւեթա Մուկուչեանին «Եւրոտեսիլ»¬-ի ամենագեղեցիկ մասնակիցներէն կը համարէ

Յունական gazzetta.gr կայքը Իւեթա Մուկուչեանին «Եւրոտեսիլ 2016»ի ամենագեղեցիկ մասնակիցներէն կը համարէ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը` կայքը հրապարակած է երգչուհիի լուսանկարներու մեծ շարք մը:
«Հայաստան «Եւրոտեսիլ-2016» ին կը ներկայացնէ Իւա Մուկուչեան, որ այս պահուն մրցոյթի ամենագեղեցիկ մասնակիցն է: Իսկապէս հիասքանչ հայ երգչուհի է, աւելցուցած է կայքը: Հոկտեմբեր 13-ին յայտնի դարձած է «Եւրոտեսիլ-2016»-ի հայաստանեան մասնակիցին անունը: Եւրոպական ամենայայտնի երաժշտական ծրագիրին Հայաստան կը ներկայացնէ Իւեթա Մուկուչեան: «Եւրոտեսիլ»ի այս տարուան պատուիրակի գլխաւոր ցանկութիւնը եւրոպական բեմին վրայ հայկական ջերմութիւնը եւ եւրոպական շունչը համատեղ ներկայացնելն է:
«Այնչափ ուրախ եմ եւ շնորհակալ Հանրային հեռուստաընկերութեան, որուն կողմէ ընտրուած եմ ներկայացնելու իմ հայրենիքս այս տարի Եւրոտեսիլին: Իւրաքանչիւրիդ ամէն խօսքն ու կարծիքը ինծի այնչափ կ’ոգեւորէ եւ ուժ կու տայ: Յոյսով եմ, կ’ըլլաք կողքիս այս պատասխանատու եւ կարեւոր ճանապարհին, աւելի առաջ նշած է Իւեթա Մուկուչեան:
Իւեթա Մուկուչեան ծնած է 1986-ին Հայաստան: 5 տարեկանէն անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Գերմանիա, սակայն 20 տարի այնտեղ ապրելէ յետոյ, Իւեթան որոշում կայացուցած է վերադառնալ իր արմատներուն` Հայաստան: Ան յաճախած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Ուսման տարիներուն ալ hասկցած է, որ իր ինքնադրսեւորման հիմնական միջոցը եւ կոչումը երաժշտութիւնը պէտք է ըլլայ:
2012-ին մասնակցած է «Գերմանիոյ ձայնը» նախագիծին: Քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով այսօր Իւեթան արդէն ճանչցուած երգչուհի է, ինչպէս նաեւ շարք մը երգերու հեղինակ, որ զուգահեռաբար գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ մէջ: Իր իսկ բնութագրմամբ` «Գերմանացիի պէս կը մտածեմ , հայու պէս կը սիրեմ»: