Վարուժան եւ Պերճ Փիրանեանները այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն

Հոկտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ալպանիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ Վարուժան եւ Պերճ Փիրանեանները: Պերճ Փիրանեան հայերէն-ալպաներէն բառարան կազմելու համար 2012թ. պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:

Վարուժան Փիրանեան Ալպանիոյ Ապահովագրութեան հիմնարկի զարգացման բաժանմունքի տնօրէնն է:

Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնը եւ կարեւոր համարեց Ալպանիոյ հայ համայնքի հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս երիտասարդներու մասնակցութիւնը «Արի տուն եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Սփիւռքում հայկական համայնքը հայ պահելու համար մենք պէտք է օգնենք պահպանել լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, ընտանիքը: Մենք ծրագրեր ենք մշակում, որպէսզի Սփիւռքը աւելի մօտենայ Հայաստանին, Հայաստանն էլ` Սփիւռքին: Շատ կարեւոր է սփիւռքի համախմբումը եւ մէկտեղումը, միասնականութեան զօրացումը»: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն` անշահախնդիր, ազգանպաստ գործունէութեան համար:

Հիւրերը ներկայացուցին համայնքի խնդիրները, առանձնայատկութիւնները, եկեղեցի եւ դպրոց հիմնելու ծրագիրները:

Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն մասնակցութեան հարցերը:

Scroll Up