ԼՂՀ ԱԳ նախարարը մասնակցած է Ռուսաստանի հայերու միութեան համագումարին
Հոկտեմբեր 11-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է «Ռուսաստանի հայերու միութիւն» (ՌՀՄ) համառուսական հասարակական կազմակերպութեան 5-րդ համագումարին:
ԼՂՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` համագումարին Կարէն Միրզոյեան ընթերցած է ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի ողջոյնի ուղերձը, ուր մասնաւորապէս կը նշուի ՌՀՄ ներդրումը Արցախի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը ԼՂՀ-ի մէջ կարեւոր նախագիծերու իրականացման եւ Արցախի մասին անաչառ տեղեկատուութեան տարածման:
Նոյն օրը ԼՂՀ ԱԳՆ ղեկավարը Գրեմլի պետական պալատին մէջ մասնակցած է 2014թ. ՌՀՄ-ի կողմէ հաստատուած «Համաձայնութիւն» միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան: