Ամէն սփիւռքահայու սրտին մէջ մէկ հայրենիք կայ, որուն անունը Հայաստան է. Պարգեւի արժանացած սփիւռքահայ (տեսանիւթ)
Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի (Փոլիտեխնիկ) սուրիահայ ուսանող Անդրանիկ Մոմճեան արժանացած է տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու (արուեստագիտութիւններու) (ՏՏ) ոլորտին մէջ ՀՀ Նախագահի կրթական պարգեւին` «Լաւագոյն սփիւռքահայ մասնակից» անուանակարգին մէջ:
Panorama.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Անդրանիկ ըսաւ` չէր սպասեր, որ նման մրցանակի կ’արժանանայ:
«Անակնկալի եկայ, բայց պարտաւորեցնող մրցանակ է: Ատիկա կը նշանակէ, որ պէտք է աւելի լաւ սորվիմ: Իմ կարծիքով` ասիկա մեծ քայլ է` յետագային աշխատանքս կազմակերպելու համար»,- նշեց Ա.Մոմճեան:
Անդրանիկ ընտանիքին հետ երկու տարի առաջ Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով տեղափոխուած է Հայաստան, երկու օր առաջ անոնց միացած է նաեւ մեծմայրը, սակայն հօրեղբայրները դեռ կ’ապրին Սուրիա: Ան նշեց, որ մանկութենէն երազած է Հայաստան գալ, հայրենիքի կարօտը միշտ զգացած է:
«Սուրիոյ պատերազմը կարծես թէ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ընտանիքով տեղափոխուինք Հայաստան: Կը կարծեմ, որ ամէն սփիւռքահայու երազանքն է հայրենիքի մէջ ապրիլ: Ամէն սփիւռքահայու սրտին մէջ միայն մէկ հայրենիք գոյութիւն ունի, որուն անունը Հայաստան է»,- ըսաւ Անդրանիկ:
Սակայն ան կը խոստովանի, որ մինչ Հայաստան տեղափոխուիլը վախ կար, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ կ’ունենայ այն յաջողութիւնները, որ Սուրիոյ մէջ ունէր, ուր որպէս լաւագոյն ուսանող երկու անգամ արժանացած է պետական բարձր պարգեւի:
«Կը վախնայի, որ նաեւ լեզուական խնդիրներու պատճառով չեմ կրնար լուրջ յաջողութիւններու հասնիլ, բայց, բարեբախտաբար, այստեղ աւելի մեծ յաջողութիւն ունեցայ: Հայաստանի մէջ եւ կ’ուսանիմ, եւ կ’աշխատիմ, ունիմ լաւ ընկերներ եւ ինքզինքս կը զգամ ինչպէս իմ տան մէջ»,- նշեց Անդրանիկ:
Ան նաեւ ըսաւ, որ մայրը նոյնպէս ապահովուած է աշխատանքով, իսկ 16 տարեկան քոյրը դպրոց յաճախելուն զուգահեռ կ’երգէ Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ երգչախումբին մէջ:
«Մենք արդէն որոշած ենք, որ պատերազմի աւարտէն յետոյ ալ Հայաստանէն չենք հեռանար, մեր տունը, մեր հայրենիքը այստեղ է եւ այստեղ ալ կը շարունակենք ապրիլ»,- ըսաւ Անդրանիկ Մոմճեան: