Սփիւռքի նախաարութեան աշխատակազմի ղեկավարը հանդիպեցաւ Պելճիգայի Վալոնիա-Պրիւքսել դաշնութեան նախարար-նախագահ Ռուտի Տեմօտէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/a110.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախաարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան «Սուրիահայերու հիմնխնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ Պելճիգայի Վալոնիա-Պրիւքսել դաշնութեան նախարար-նախագահ Ռուտի Տեմօտէն, որ կը մասնակցի Հայաստանի մէջ ընթացող Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան նախարարական 31-րդ համաժողովին:
Ողջունելով հիւրը` Ֆիրդուս Զաքարեան ներկայացուց Սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու սոցիալական, առողջապահական, կրթական եւ այլ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները: Ֆ. Զաքարեան նաեւ կարեւոր համարեց միջազգային կազմակերպութիւններու եւ համահայկական կառոյցներուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը, ներկայացուց մասնաւորապէս «Սուրիահայերու հիմնխնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նպատակները, ինչպէս նաեւ այն մեծ աջակցութիւնը, որ կեդրոնին ցուցաբերած է ՀԲԸՄ-ը` նուիրելով ներկայիս գրասենեակը:
Ռուտի Տեմօտէն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ փախստականներու խնդիրը ներկայիս լրջագոյն մարտահրաւէրներէն է եւ իրենց 110 000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ Սուրիայէն 1000 փախստական հանգրուանած է: Վալոնիա-Պրիւքսել դաշնութեան ղեկավարութիւնը կը փորձէ լուծել անոնց կրթական առողջապահական եւ սոցիալական խնդիրները` միաժամանակ հաշուի առնելով այլ երկիրներու` մասնաւորապէս Հայաստանի փորձը:
Ռուտի Տեմօտէն բարձր գնահատեց Սուրիահայերու հիմնխնդիրները համակարգող հասարակական կազմակերպութեան գործունէութիւնը եւ ցանկացաւ առաւել հանգամանալից ծանօթանալ կեդրոնին կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն, լսեց կեդրոնի սուրիահայ աշխատակիցներու պատմութիւնները, դիտարկումներն ու տեսակէտները կապուած սուրիական թնջուկին եւ նոր զարգացումներուն հետ եւ յաջողութիւն ու բարեկեցութիւն մաղթեց անոնց: