Hermes-ի տղամարդոց հաւաքածուն հայ կին մը հնարած է

Ֆրանսական յայտնի Hermռs ապրանքանիշի տղամարդոց հաւաքածուն հիմնուած է հայ կնոջ` Վերոնիքա Նիշանեանի կողմէ: Այս մասին panorama.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ «Նովոստնիկ.ռու» կայքը: Ան աշխարհի մէջ սակաւաթիւ կիներէն է, որոնք կը ձեւաւորեն հագուստ տղամարդոց համար: Ան  ծնած է 1954թ. Մայիս 3-ին, Փարիզի արեւմտեան արուարձաններէն մէկուն մէջ: Ան իր կոչումը գտաւ երիտասարդ տարիներուն, երբ կւ յաճախէր  ֆրանսական ձեւաւորման դպրոցներուն մէջ: Մասնագիտական կրթութիւն ստանալով` ան աշխատանքի անցած է Cerruti, ապա 1988-էն Hermռs ընկերութեան մէջ:

«Hermռs-ի մէջ ես աշխատանքի անցայ որպէս սովորական ձեւաւորող, կը պատրաստէի տարբեր բաներ, աքսեսուարներ: Ես այնքան նուիրուեցայ ընկերութեան, որ երբեք գլխուս մէջ չէ ծագած նորաձեւութեան սեփական տուն ունենալու մասին միտքը»,-ըսած է Նիշանեան:

Նորաձեւութեան ոլորտին մէջ յաջողութիւններէն ու ճանաչումէն յետոյ Նիշանեան սկսած է աշխատիլ Hermռs-ի տղամարդոց հագուստի վրայ, իսկ 2009-ին արդէն այդ ուղղութեան ստեղծագործական տնօրէնն էր: Անոր հաւաքածուներուն մէջ կը ներկայացուի ֆրանսական շգեղութիւնը:

«Ես կը յուզուիմ ամէն ցուղադրութենէ առաջ, կարծես ատիկա իմ առաջին բեմելն է: Ես միշտ կը յիշեմ, թէ  ինչ ըսին ինծի, երբ առաջին օրը եկայ Hermռs. «Դուք ունիք քարտ պլանշ ամէն ինչի համար, այդ պատճառով դուք ձեզի զգացէք ինչպէս տան մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այս գործին մէջ յաջողութիւններու  հասած եմ: Տղամարդիկ չէին սպասեր, որ ես կրնամ հաստատել իմ ոճն ու այն թելադրել համաշխարհային նորաձեւութեան մէջ: Սակայն ես ատիկա ըրի, ու արդիւնքները ձեր առջեւ են»,-լրատուամիջոցին պատմած է ան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Hermռs-ի երկրպագու տղամարդոց մէջ են Արքայազն Ուիլեամը, Մոնաքոյի արքայազնը, Միշէլ Փլաթինին եւ այլք:

Scroll Up