Յորդանանի «Երեւան» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթը Հայաստանի մէջ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին կը մասնակցէր նաեւ Յորդանանի Ազգային, մարզական միութեան «Երեւան» երգչախումբը: Երգչախումբ, որ հիմնադրուած է 2008 թուականին` Գառնիկ Սոսոյեանի ջանքերու շնորհիւ:
«Փառատօնի մասնակցութիւնը` առաջին ելոյթն էր Հայաստանի մէջ, որ կայացաւ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Վարդուհի Թորոյեանի կատարած աշխատանքին շնորհիւ: Իսկ մինչ այդ երգչախումբը իր կարճ գործունէութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած է միայն Ամմանի մէջ` մասնակցելով փառատօններու, ակումբային եւ համայնքային ձեռնարկներուն»,-«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ըսաւ Յորդանանի Ազգային, մարզական միութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեան:
Երգչախումբը երկսեռ է, բազմանդամ, բայց Հայաստան ժամանած էր 16 հոգիով, 11 երգիչ և 5 երաժիշտ, որոնք կը նուագեն Յորդանանի ազգային նուագախումբին մէջ: 5 երաժիշտներէն 4-ը՝ արաբ են, որոնք Հայաստանէն հեռացած են հիացած ու վառ տպաւորութիւններով:
Յորդանանի Ազգային, մարզական միութիւնը այս տարի կը նշէ ստեղծման 60-ամեակը: Հիմնադրուելով 1955 թուականին` միութիւնը կ’որդեգրէ գործունէութիւն, որուն հիմնական առանցքը ազգային, աւանդական նկարագիրին հաւատարիմ մնալն է:
«Միութիւնը կը փորձէ Սփիւռքի մէջ հայկական օճախ ըլլալ, հայերուն իր շուրջը համախմբել` մշակութային ձեռնարկներու, աւանդոյթներու շուրջ: Ունինք «Սպիտակ» պարախումբը, որ 2013 թուականին մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Պարախումբը ելոյթներ կ’ունենայ ինչպէս համայնքային ձեռնարկներուն, այնպէս ալ կառավարական տօներու ժամանակ: Միութեան կից կը գործէ «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը, որ իր մօտ կէս դարեայ պատմութեան ընթացքին 10-12 ներկայացում բեմադրած ու ներկայացուցած է ոչ միայն Յորդանանի մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս: Թատերախումբը վերջերս «Արշակ Երկրորդ» ներկայացմամբ հանդէս եկաւ Դամասկոսի մէջ»,-նշեց պարոն Յակոբեան:
Յակոբ Յակոբեան, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբի անդամ, իր մասնակցութիւնը բերած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Յորդանանի հայկական համայնքէն ներս իրականացուող ձեռնարկներուն: Ան հանդէս եկած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դասախօսութիւններով, զրոյց-հանդիպումներ ունեցած է երիտասարդներուն հետ, որոնք եւ, պարոն Յակոբեանի խօսքերով, պիտի ժառանգեն մեր մշակութային եւ աւանդական հարստութիւնը:
«Մեզի անհանգստացնողը այսօր մայրենիի խնդիրն է: Ցաւօք, մեր երիտասարդներէն շատերը հայերէնին չեն տիրապետեր: Լաւագոյն պարագային կրնան միայն շատ պարզ, առօրեայ խօսակցութիւններուն մասնակից ըլլալ: Եւ այս բացն է, որ միութիւնը կը փորձէ լրացնել` տարբեր ձեռնարկներու ու աշխատանքներու միջոցով»,-իր խօսքը եզրափակեց Յակոբ Յակոբեան:
Լուսինէ Աբրահամեան