Վալերի Պուայէ. Սթրասպուրկի մէջ հանդիպման ժամանակ Էրտողան չմեղադրեց ԻԼԻՊ-ին

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն հարցում  ուղղած է ԱԳ նախարար Լորան Ֆապիուսին: Ըստ News.am-ի` հարցումին Պուայէն հրապարակած է Facebook-ի իր էջին մէջ:

Կիրակի` Հոկտեմբեր 4-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ էրտողանին առաջարկած են  էթնիկ-կրօնական պատճառներով հանդիպիլ 15 հազար հոգիի հետ: Հանդիպումը, ըստ Պուայէի, կայացած է մարդու իրաւունքներու մայրաքաղաք Սթրասպուրկի մէջ: «Միլիոնաւոր ձայներ ընդդէմ ահաբեկչութեան» անուանումով հանդիպման մասնակցած են քաղաքացիներ Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն, ինչպէս նաեւ Պելճիգայէն եւ Զուիցերիայէն:

«Հանդիպման առիթով, որուն ընթացքին կանայք եւ տղամարդիկ նստած են դահլիճի տարբեր ծայրերու մէջ, Էրտողան Եւրոպայի երկիրներու մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ըրած է պահպանել իրենց մշակոյթը` այդպիսով դիմակայելով ձուլման: Նախագահ Էրտողանի` 2 ժամ տեւած ելոյթը լեցուն էր իսլամիստական եւ ազգայնական բովանդակութեամբ կոչերով: Ան յիշատակեց նաեւ ահաբեկչութեան մասին, բայց չմեղադրեց ԻԼԻՊ-ին:

1915 թուականի փախստականներու ժառանգները, որոնք ներկայիս կը բնակին ֆրանսական հողի վրայ, ստիպուած  հանդուրժած են ամբողջ Եւրոպայէն թուրք ազգայնականներու ժամանումը` համընդհանուր անտարբերութեան հիմքի վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիան դեռեւս չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Կը ցանկայի իմանալ, թէ ինչպէ՞ս կարող էր այդպիսի հանդիպում իրականացուիլ մեր երկրին մէջ: Կը ցանկայի իմանալ Կառավարութեան դիրքորոշումը ֆրանս-թրքական յարաբերութիւններու շուրջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Scroll Up