Հայրս` Թաթուլ Կրպէյեանը

Մէկ տարեկան երկու ամսական էի, երբ հայրս զոհուեցաւ: Մայրիկս կամուրջ դարձաւ իմ եւ հայրիկիս միջեւ: Թէեւ քիչ ժամանակ հասցուցինք միասին ապրելու, այնուամենայնիւ, մեր փոքրիկ ընտանիքի պատմութիւնը լի է յիշարժան պահերով: Անունիս ընտրութիւնը ատոնցմէ մէկն է: Հայրս եւ մայրս որոշած էին, որ եթէ աղջիկ ծնի` հայրս կ’ընտրէ անունը, իսկ եթէ տղայ` մայրս: Եւ ծնայ ես, ու հայրս, քանի որ Ասպրամ անունը շատ կը սիրէր, ինծի հէնց այդպէս ալ անուանակոչեց` ոգեշնչուած Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» վէպէն,-«Մայրս միշտ կ’ըսէ, որ  մէջս հայրիկիս սկզբունքայնութիւնն ու յամառութիւնը կը տեսնէ, իր մշտական պայքարը յանուն արդարութեան»:

«Հայրս երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան առաջամարտիկն էր: Ան առաջիններէն էր հասկցաւ, որ փողոցային պայքարը արդիւնաւէտ չէ, եւ պէտք է զէնք վերցնել հայրենիքը թշնամիէն պաշտպանելու համար: Ան նաեւ առաջիններէն էր, որ իր կեանքը նուիրաբերեց հայրենիքի զոհասեղանին` փրկելով հազարաւորներու: Եւ հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար ընդամէնը 26 տարեկանին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն` «Հայրենիք» շքանշանով: Հպարտ եմ, որ հայրիկիս եւ իր զինակից ընկերներու օրինակը ոգեշնչեց եւ դաստիարակեց հայրենասէր սերունդ, որուն ներկայացուցիչը նաեւ ես եմ: Այսօր մեր առջեւ ծառացած խնդիրները թէեւ այլ են, բայց կան առաջնահերթութիւններ` հայրենիքի պաշտպանութիւն, մայրենի լեզուի, ազգային արժէքներու պահպանութիւն եւ այլն, որոնք միշտ ալ արդիական են, եւ երիտասարդութիւնը` ըլլալով հասարակութեան շարժիչ ուժը, պէտք է աշխուժօրէն մասնակցի այս գործընթացներուն»:

Հայրս` նորանկախ պետութեան ամենաերիտասարդ Ազգային Հերոսը, ինկաւ 1991 թուականի Ապրիլ 30-ին, Գետաշէնի մէջ, վայրկեան անգամ չմտածելով հայրենի հողը զիջելու մասին, դրսեւորելով հայ մարդուն յատուկ կամքի ուժ:

Չկայ  օր մը, որ մենք հայրիկին չյիշենք եւ իր ներկայութիւնը չզգանք մեր կեանքին մէջ: Ըլլան կենցաղային, ընտանեկան տարբեր իրավիճակներ, թէ մարդկային տարբեր փոխյարաբերութիւններ, եւ մայրս է, որ կը յիշեցնէ, թէ հայրս այս կամ այն պարագային ինչպէս կը վարուէր, ինչ կ’ըսէր, ինչ խորհուրդ կու տար, ինչ արտայայտութիւններ կ’օգտագործէր: Բայց ամէնէն կարեւոր պատգամը, որ մայրս փոխանցած է հայրիկէս` անմնացորդ նուիրումն է ընտանիքին, հայրենիքին:

Պատրաստեց ԱԼԻՆԱ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

hayzinvor.am

 

Scroll Up