Հալէպի Մէջ իրավիճակը Որոշ Չափով Հանգիստ է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/10/Հալեպ1.jpg)
Հալէպի մէջ իրավիճակը բաւական հանգիստ է եւ կայուն: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի իր աղբիւրը` աւելցնելով, որ մերթընդմերթ ռումբեր կ՛իյնան, սակայն նախկին հրթիռակոծութեան բուռն տարափը նուազած է: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ իրավիճակը քաղաքին մէջ զգալիօրէն փոխուած է ռուսական միջամտութենէն ետք` յոյս յայտնելով, որ այն շարունակական կ՛ըլլայ:
«Կենցաղային դժուարութիւնները կը շարունակուին, հոսանքը օրուան ընթացքին 1-2 ժամ կու գայ, իսկ ջուրը ընդհատումներով կը մատակարարուի»,- նշած է աղբիւրը` աւելցնելով, որ կենցաղային դժավարութիւնները առօրեայի մաս կը կազմեն:
Հալէպ քաղաքը 2012-ի ամռուընէ ի վեր յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախին: Բախումները այնտեղ մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ: