Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Յայտնաբերած Է 1915-ի Նոր Լուսանկար Մը

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը ձեռք բերած է 1915 թուականին պատկերահանուած անյայտ լուսանկարի մը բնօրինակը: Ըստ թանգարան-հիմնարկի կայքէջին՝ լուսանկարը կը պատկերէ Տիգրանակերտ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառող անօթեւան հայ որբերն ու անոնց հաց տուող աւստրիացի զինուորները: Այդ մասին կը փաստէ լուսանկարին վրայ կատարուած գերմաներէն գրութիւնը:

Ամենայն հաւանականութեամբ, որբերը լուսանկարուած են գերմանացի զինուորներու կողմէ, որովհետեւ լուսանկարը յայտնաբերուած է Գերմանիոյ մէջ:

Լուսանկարչական արխիւային բացառիկ նմուշ մը` Ցեղասպանութեան հետեւանքներու տեսարանով:

Scroll Up