Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 5-ին Ճարտարապետներու օրուան նուիրուած ձեռնարկներով մեկնարկեց Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովը, որ կազմակերպած են ՀՀ սփիւռքի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնները, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը, ՀՀ Ճարտարապետներու միութիւնը:
Առաւօտեան համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին զոհերու յուշակոթողին:
Ժ.16:00-ին Քաղաքաշինութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ Ճարտարապետներու օրուան նուիրուած հանդիսութիւնը, որմէ յետոյ համաժողովի մասնակիցները ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին մէջ կը մասնակցին «Մասունքներ… ծանօթ եւ անծանօթ Պալեանները» ցուցահանդէսի բացման:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովը կը շարունակուի նաեւ Հոկտեմբեր 6-ին եւ 7-ին: