Սթրասպուրկի մէջ հարիւրաւոր հայեր, քիւրտեր ու թուրքեր Էրտողանի այցին դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են

Ֆրանսայի Սթրասպուրկ քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 4-ին հարիւրաւոր հայեր, քիւրտեր, թուրքեր ու ալեւիներ բողոքի ցոյց իրականացուցած են ի նշան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի` Սթրասպուրկ այցին դէմ բողոքի:
Ըստ NEWS.am-ի` Nouvelles d’Armռnie կը յայտնէ, որ հարիւրաւոր հայ ցուցարարներ հայկական դրօշներով երթ իրականացուցած են Սթրասպուրկի փողոցներով: Ցուցարարները էրտողանէն ու անոր շրջապատէն պահանջած են անյապաղ դադրեցնել ճնշումները Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ եւ վերջ դնել թուրք-քրտական բախումներուն հնչեցուող հակահայկական կոչերուն: