Գերմանիոյ դեսպան․ Այսօր ոեւէ մէկը չի կրնար ժխտել 1915-ին տեղի ունեցած պատմական փաստը

Այսօր ոեւէ մէկը չի կրնար ժխտել այն պատմական փաստը, որ 1915-ին պատահած է հայ ժողովուրդին` անկախ անկէ, թէ այս կամ այն երկրին մէջ արդեօ՞ք տեղի ունեցած է ճանաչման գործընթացք: Այդ մասին ըստ News.am-ի`  Հոկտեմբեր 2-ին մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլեր:

Եթէ խօսինք Գերմանիոյ Պունտեսթագի մասին, նշած է դիւանագէտը, ապա այն անկախ մարմին է, ուր շատ աշխոյժ քննարկումներ  տեղի ունեցած են: Դեսպանի տեսանկիւնէն ամենակարեւորը այն է, որ օգտագործուած են այդ հարցի վերաբերեալ բարձր իրազեկութիւն ապահովելու բոլոր հնարաւորութիւնները: «Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը նպաստէ այն ծրագիրները, որոնք նպատակաուղղուած են հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ կապերու ստեղծման ու ամրապնդման: Թուրքիոյ մէջ հասարակութիւնը արդէն տեղեկացուած է այն մասին, թէ ինչ  պատահած է ձեր ժողովուրդին»,-նշած է Քիսլեր:

Այն հարցին, թէ ինչ  պատահած է եւ ինչպէս կարելի է անուանել հայ ժողովուրդին պատահածը, դիւանագէտը պատասխանած է․«Մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչ  տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Դուք գիտէք, որ հարցը կը քննարկուի Գերմանիոյ մէջ, մասնաւորապէս` Պունտեսթագի մէջ: Ատոր համար ալ ես հրաժարեցայ աւելին ըսելու: Ձեր ժողովուրդը այնքան տառապանքներ  տեսած է, որ կարեւոր չէ, թէ այդ տառապանքները ինչ բառով կ’արտայայտուին: Ատոր համար ալ ես ընդգծած եմ, որ ամենակարեւորը միջազգային արձագանքն էր»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք  Գերմանիան` Թուրքիոյ հետ կապուած քաղաքական եւ տնտեսական շահերը կը խանգարեն, որ Գերմանիան պաշտօնապէս ճանչնայ Հայերու Ցեղասպանութիւնը, դեսպանը ըսած է․ «Ես այդ հարցի մէջբերումը աւելի ճիշդ շահարկում կ’անուանէի»:

 

Scroll Up