Նախագահ Սարգսեան Ուաշինկթընի Մէջ Հանդիպեցաւ Հայկական Կազմակերպութիւններու Եւ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 30-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ «Ամերիկայի հայկական համագումար» կազմակերպութեան ղեկավար անդամներու, «Հայ դատ»-ի գրասենեակի եւ ԱՄՆ արեւելեան ափի ՀՅԴ ղեկավարութեան հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը,  Հանրապետութեան նախագահը ողջունած եւ կարեւորած է համահայկական նշանակութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու մէջ մշտապէս զբաղող հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, բարձր գնահատած է անոնց դերը նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ, քննարկած վերոնշեալ կազմակերպութիւններու ընթացիկ գործունէութեան, նաեւ` անոնց հեռանկարին վերաբերող հարցեր` նկատի առնելով արագ փոխուող աշխարհի մէջ ի յայտ եկող նոր իրողութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք կը պահանջեն նորովի, համարժէք մօտեցումներ ու գործողութիւններ:

Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է ԱՄՆ իր աշխատանքային այցի ընթացքին ունեցած հանդիպումներն ու ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 70–րդ նստաշրջանի ընթացքին ունեցած ելոյթի հիմնական շեշտադրումները, Ատրպէյճանի կողմէ յատկապէս վերջին օրերուն հրադադարի խախտման հետեւանքով հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ յառաջացած լարուած իրավիճակը, նաեւ պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն:

Վերոնշեալ հանդիպումներուն ժամանակ անդրադարձ եղած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին: Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են Հանրապետութեան նախագահին` սուրիահայութեան աջակցութեան խնդիրներուն լուծումը պետական հոգածութեան ներքոյ պահելու, Հայաստանի մէջ մեր հայրենակիցներուն ապաստան տալու, նաեւ Սուրիոյ մէջ անոնց հնարուորին չափ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Սեպտեմբեր 30–ի երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ԱՄՆ–ի ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպում կ’ունենայ նաեւ ԱՄՆ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Scroll Up