Համահայկական մշակութային փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը այցելեցին Կոմիտասի անուան պանթէոն

Սեպտեմբեր 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող Համահայկական մշակութային փառատօնի մասնակիցները այցելեցին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ, որմէ յետոյ` Կոմիտասի անուան պանթէոն, ուր հայ երաժշտութեան մեծ նուիրեալի շիրիմին մօտ ներկայ գտնուեցան Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ սպասաւոր Տէր Շահէ քահանայ Հայրապետեանի ձեռամբ մատուցուած հոգեհանգստի կարգ-խնկարկութեան արարողութեան:

Այնուհետեւ   Կոմիտասի բացառիկ կերպարի եւ ստեղծագործութիւններու մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` մասնաւորապէս նշելով. «Կոմիտասը մեր անհաս գագաթն է: Ուզում եմ, որ միշտ լսենք ու երգենք Կոմիտաս: Մեր երաժշտական ճաշակի ձեւաւորման հիմքը պէտք է լինի Կոմիտասը: Վարդապետի ստեղծագործութիւնները մենք պէտք է աւելի ու աւելի ճանաչելի դարձնենք աշխարհում, քանզի օտարները հայի տեսակն ու Հայաստանը պէտք է ճանաչեն մեր մեծերով, երաժշտական մտքի հսկայով` Կոմիտասով»:

Կոմիտասեան կատարումներով հանդէս եկան երգիչներ Շողիկ Թորոսեան` Լիբանանէն, Սօսէ Կիրակոսեան` Երուսաղէմէն, Սթամպուլի «Լուսաւորիչ», Յորդանանի «Երեւան» երգչախումբերը, անոնց կատարումներուն անգամ աշխուժօրէն կը ձայնակցէին  Ռուսաստանի «Արմաւիր»  պարախումբի անդամները:

Փառատօնի հիւրեր Անն-Քրիստինէ Վիլունտը` Շուէտէն եւ թրքուհի Լեման Շթէհնը` Գերմանիայէն նոյնպէս խոնարհեցան Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին առջեւ եւ կատարեցին «Տէր ողորմեայ» շարականը:

 

a1 a2 a3 a4 a5 a6 

Scroll Up